Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Լիոնէն:
Հիւր ակումբը առաջին կիսախաղէն վճռեց մրցումին արդիւնքը` 2 կոլ նշանակելով առաջին 18 վայրկեաններուն ընթացքին:
Պրազիլցի Էնտրիք եւ փորթուգալցի Ալֆոնսօ Մորէյրա կանուխ կոլեր նշանակեցին: 33-րդ վայրկեանին Կոնսալօ Ռամոշ փենալթի մը կորսնցուց` ոսկի առիթ մը կորսնցնելով 1 կոլով մօտենալու Լիոնին:
Փարիզ Սեն Ժերմեն առիթներ ստեղծեց, բայց սլովաքիացի բերդապահ Տոմինիք Կրիֆ մնաց անդրդուելի մինչեւ 94-րդ վայրկեան, երբ մայրաքաղաքի կազմին միակ կոլը նշանակեց Քվիչա Քվարաձխելիա:
Լիոն այս յաղթանակով հաւասարեցաւ (54 կէտ) 3-րդ դիրքը գրաւող Լիլի հետ, մինչ Լանս 1 կէտով (62 կէտ) ետ կը մնայ Փարիզ Սեն Ժերմենէն, որ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը: