Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադադարը:
«Մենք կ՛ողջունենք Լիբանանի մէջ 10-օրեայ զինադադարը, որ ձեռք բերուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ` իբրեւ լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան «Էքս»-ի էջին վրայ կատարուած գրառումին մէջ: