Դամասկոսի երկրին մէջ ամերիկեան բոլոր ռազմակայանները ստանձնած ըլլալը յայտարարելէն ժամեր ետք, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի հետ:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Շարհ Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ Դիւանագիտական 5-րդ համախմբումի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Պարրաքի հետ եւ անոր հետ քննարկած շրջանային զարգացումներն ու երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները` ի սպաս շրջանին մէջ անվտանգութեան ու խաղաղութեան ամրապնդման:
Հանդիպումին ներկայ գտնուած են Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանին եւ սուրիական հետախուզութեան պետ Հիւսէյն Սալամէն:
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախքան այդ յայտարարեց, թէ սուրիական բանակը հինգշաբթի օր ստանձնած է երկրի հիւսիս-արեւելքի Հասաքա նահանգին մէջ օդուժի «Քասրաք» ռազմակայանը:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան բանբերը իր կարգին «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ այդ ռազմակայաններուն սուրիական ուժերուն յանձնումը ամբողջացած են` նշելով. «Ամերիկեան ուժերը պիտի շարունակեն աջակցիլ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մեր գործընկերներու ջանքերուն»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ ամերիկեան դիրքերու սուրիական կառավարութեան յանձնումին ամբողջացումը բնական արդիւնքն է Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը ազգային կառոյցներուն մէջ համարկելու յաջողութեան, պետութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ իր ամբողջ պատասխանատուութիւնը ստանձնելուն եւ իր հողերուն վրայ շրջանային սպառնալիքներուն դէմ դնելուն: