Լիբանանի-Իսրայէլ Փոխըմբռնման Յուշագիրի Բնագիրը Հրապարակուեցաւ

10-օրեայ զինադադարի համաձայնութեան գոյացումին յայտարարուելէն ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի բնագիրը, որ կը նշէ.

«Իսրայէլի պետութեան կառավարութեան եւ Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ հաղորդագրութեան հետեւեալ բնագիրին շուրջ.

«14 ապրիլին Լիբանանի Հանրապետութեան (այսուհետեւ` «Լիբանան») եւ Իսրայէլի պետութեան (այսուհետեւ` «Իսրայէլ») կառավարութիւններուն միջեւ Միացեալ Նահանգներու հովանիին տակ տեղի ունեցած արդիւնաւէտ ուղղակի բանակցութիւններէն ետք, Լիբանան եւ Իսրայէլ համաձայնութիւն գոյացուցին, որ երկու կողմերը պէտք է աշխատանք տանին ստեղծելու բարենպաստ պայմաններ երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու, իրարու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան լիակատար ճանաչման, ինչպէս նաեւ իրենց հասարակաց սահմանին արդիւնաւէտ անվտանգութեան հաստատման համար` միեւնոյն ժամանակ պահպանելով Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան հաստատ իրաւունքը:

«Երկու կողմերն ալ կ՛ընդունին Լիբանանի պետութեան առջեւ ծառացած էական մարտահրաւէրները` պայմանաւորուած գոյութեամբը ոչ պետական զինեալ խմբաւորումներու, որոնք կը խաթարեն Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ կը սպառնան շրջանային կայունութեան: Անոնք նաեւ կը հասկնան այդ խմբաւորումներուն գործունէութիւնը զսպելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Լիբանանի մէջ զէնք կրելու լիազօրութիւն ունեցող ուժերը ըլլան բացառապէս լիբանանեան բանակը, ներքին ապահովութեան ուժերը, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը, Լիբանանի մաքսային ծառայութիւնը եւ քաղաքային ոստիկանութիւնը (այսուհետեւ` «Լիբանանի ապահովական մարմինները»):

«Իսրայէլն ու Լիբանանը կը հաստատեն, որ պատերազմական վիճակի մէջ չեն, եւ յանձնառու կը դառնան բարի կամեցողութեամբ ուղղակի բանակցութիւններու մէջ ներգրաւուելու, Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ, հասնելու համար համապարափակ համաձայնութեան մը, որ կ՛երաշխաւորէ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը եւ երկու երկիրներուն միջեւ տեւական խաղաղութիւնը:

«Այս առումով Միացեալ Նահանգները կը հասկնան հետեւեալը.

– Իսրայէլն ու Լիբանանը պիտի սկսին 16 ապրիլ 2026-ի արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ժամանակացոյցով ժամը 17:00-էն (Պէյրութի ժամանակացոյցով կէս գիշերէն ետք ժամը 00:00-էն) սկսեալ թշնամական բոլոր արարքները դադրեցնել տասը օր նախնական տեւողութեամբ` իբրեւ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ բարի կամեցողութեան արտայայտութիւն, առիթ ընծայելու համար երկու երկիրներուն միջեւ տեւական անվտանգութեան ու խաղաղութեան ուղղութեամբ բարի կամեցողութեամբ լուրջ բանակցութիւններու

– Այս նախնական ժամանակը կարելի է երկարաձգել Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ փոխադարձ համաձայնութեամբ, եթէ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուի եւ Լիբանան ապացուցէ իր գերիշխանութիւնը տարածելու իր իրողական կարողութիւնը:

– Իսրայէլ կը պահպանէ իր իրաւունքը ինքնապաշտպանութեան բոլոր քայլերը որեւէ պահու որդեգրելու ընդդէմ ծրագրուած, մօտալուտ կամ ընթացող յարձակումներու, առանց որ այդ իրաւունքը ազդէ թշնամական արարքներու դադրեցման վրայ: Ատկէ բացի, լիբանանեան հողերու վրայ ցամաքէն, օդէն կամ ծովէն լիբանանեան թիրախներու դէմ որեւէ զինուորական յարձակողական գործողութիւն պիտի չկատարէ, ըլլան անոնք քաղաքային, զինուորական կամ պետութեան պատկանող:

– 16 ապրիլ 2026-ի արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ժամանակացոյցով ժամը 17:00-էն սկսեալ, Լիբանանի կառավարութիւնը միջազգային աջակցութեամբ պիտի որդեգրէ գործնական քայլեր Հըզպալլայի եւ անկանոն մնացեալ զինեալ խմբաւորումներուն արգիլելու իսրայէլեան թիրախներու վրայ որեւէ յարձակում, գործողութիւն կամ թշնամական աշխատանք:

– Բոլոր կողմերը կ՛ընդունին, թէ լիբանանեան ապահովական մարմինները բացառապէս Լիբանանի գերիշխանութիւնը պաշտպանելու եւ հայրենիքը պաշտպանելու միակ պատասխանատու կողմն են, եւ որեւէ այլ պետութիւն կամ կողմ իրաւունք չունի այդ գերիշխանութեան երաշխաւորումը պնդելու:

– Իսրայէլն ու Լիբանանը Միացեալ Նահանգներէն կը խնդրեն դիւրացնել կայացումը իրենց միջեւ յաւելեալ ուղղակի բանակցութիւններու` կարգաւորելու համար բոլոր առկախ խնդիրները, ներառեալ ցամաքային միջազգային սահմաններու սահմանագծումը` հասնելով համապարփակ համաձայնութեան, որ կ՛երաշխաւորէ երկու երկիրներուն միջեւ անվտանգութիւնը, կայունութիւնը եւ տեւական խաղաղութիւնը:

– Միացեալ Նահանգներ կը հասկնան, թէ այս յանձնառութիւնները այս յայտարարութենէն ետք միաժամանակ կերպով պիտի կիրարկուին Իսրայէլի եւ Լիբանանի կողմէ: Եւ այս յանձնառութիւններուն նպատակն է անհրաժեշտ պայմանները պատրաստել բարի կամեցողական լուրջ բանակցութիւններ կատարելու` հասնելու համար տեւական խաղաղութեան ու անվտանգութեան: Ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ մտադիր են ղեկավարել Լիբանանի աջակցութեան միջազգային ջանքերը` շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման իրենց աւելի լայն ջանքերու ծիրին մէջ»:

Leave a Comment