ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, «Երկիր Մետիա»-ի լուրերու հաղորդումին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ Լիբանանի պատերազմական իրավիճակին հետ կապուած ծանր պայմաններուն մասին եւ հաստատեց, որ Իսրայէլի հետ բանակցելու ուղղութեամբ չկայ լիբանանեան համախոհութիւն: Բանակցային գործընթաց հասկացողութիւնը տակաւին շատ անորոշ է եւ միայն հրադադարի հաստատման շուրջ կրնայ գոյանալ համաձայնութիւն ներկայ պայմանները նկատի ունենալով: Ան շեշտեց, որ նախ հրադադարի շուրջ է, որ պէտք է գոյանայ համաձայնութիւնը, այլ խօսքով` Իսրայէլ պէտք է կասեցնէ իր յարձակումները Լիբանանի վրայ:
Խօսելով պատերազմի բերումով ստեղծուած գաղթականներու զանգուածին մասին` Ալպեր Պալապանեան հաստատեց, որ անոնք կայք հաստատած են նաեւ հայկական խիտ բնակչութիւն ունեցող թաղամասերու մօտակայքը: Ազգային առաջնորդարանը եւ հայկական բարեսիրական միութիւնները կ՛աշխատին օժանդակութիւններ տրամադրել գաղթականներուն եւ ի պահանջել հարկին նաեւ հասնիլ լիբանանահայ կարիքաւորներուն:
Ըստ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին, հայկական կեանքը ազգային, եկեղեցական եւ միութենական կառոյցներով բնականոն ձեւով կը գործէ, ինչ որ իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին ծանր պայմաններուն մէջ ապրող լիբանանահայ համայնքին վրայ:
«Լիբանանահայ համայնքը համախումբ կը շարունակէ դիմագրաւել ճգնաժամը», եզրափակած է Ալպեր Պալապանեան: