Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ գրառում մը կատարելով յայտարարեց. «Կը փորձենք Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ շունչ առնելու փոքր տարածք ստեղծել: Իսրայէլի եւ Լիբանանի ղեկավարներու իրարու հետ խօսելէն երկար ժամանակ` շուրջ 34 տարի անցած է: Ատիկա վաղը տեղի պիտի ունենայ»:
«Էմ.Թի.Վի.»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Թրամփ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններուն վերաբերեալ իր գրառումը կատարեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսայի եւ արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյի հետ հանդիպումէն ետք, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ լիբանանեան թղթածրարին»:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին յայտնեցին. «Հակառակ Թրամփի յայտարարութիւններուն, Լիբանանի մէջ մօտ ատենէն զինադադար պիտի չհաստատուի»:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Բանակի հրամանատարութիւնը կը յայտնէ, որ քաղաքական ղեկավարութենէն զինադադարի պատրաստուելու որեւէ ցուցմունք չէ ստացած»:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը երէկ հաղորդեց. «Նեթանիահու այսօր Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ պիտի խօսի»:
Լիբանանեան պաշտօնական աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իսրայէլեան կողմին հետ նախատեսուած հաղորդակցութեան մը մասին որեւէ տեղեկութիւն չունինք»:
Լիբանանեան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջեւ հաղորդակցութեան մը վերաբերեալ որեւէ տեղեկութիւն գոյութիւն չունի:
Դիւանագիտական աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Ամերիկեան կողմն ու Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճինին Պլասխարթ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ միջնորդութիւն կը կատարեն նախագահ Աունի եւ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի միջեւ հաղորդակցութիւն կազմակերպելու համար»:
Աղբիւրները աւելցուցած են. «Առաջին անգամը չէ, որ միջազգային միջնորդ մը կը փորձէ միջնորդութիւն կատարել Նեթանիահուի եւ Աունի միջեւ հաղորդակցութիւն կամ հանդիպում կազմակերպելու համար, սակայն վերջինս ամիսներէ ի վեր կը մերժէր»:
«Միջնորդութիւնը կը կատարուի այն կարելիութեան շուրջ, որ Նեթանիահուի եւ Աունի միջեւ հաղորդակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի մասնակցութեամբ եռակողմ ըլլայ` Ուաշինկթընի մէջ անոր հովանաւորած բանակցութիւններուն օրինակով»:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակը աւելի ուշ հերքեց, թէ Պլասխարթ կը փորձէ Լիբանանի նախագահին ու Իսրայէլի վարչապետին միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն դասաւորել:
Իսրայէլի նորարարութեան, գիտութեան ու ճարտարագիտութեան նախարար Կիլա Կեմլիէլ հաստատեց, որ Նեթանիահու նախագահ Աունի հետ պիտի խօսի:
Նեթանիահուի ղեկավարած Լիքուտ կուսակցութեան անդամ նախարարը իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին աւելցուց. «Երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւններու ամբողջական բացակայութենէն ետք վարչապետը առաջին անգամ ըլլալով պիտի խօսի Լիբանանի նախագահին հետ»:
Ան յոյս յայտնեց, որ «այս քայլը վերջաւորութեան Լիբանանին իբրեւ պետութիւն բարգաւաճման եւ յառաջընթացին կը յանգեցնէ»:
Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը, մէջբերելով աղբիւրներ, հաղորդեց, որ Թել Աւիւ կը պատրաստուի Լիբանանի նկատմամբ իր զինուորական քաղաքականութիւնը փոխելու` չբացառելով զինադադարի մը ծիրին մէջ հողերու խորքին մէջ հարուածներու դադրեցումը:
Իսրայէլացի պաշտօնատարներ յայտնած են, որ Իսրայէլ որեւէ ատեն համաձայն չգտնուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ գործողութիւնները դադրեցնել, եւ մտադիր է զանոնք շարունակել մինչեւ Լիթանի գետ: Անոնք նաեւ նշած են, որ Լիբանան շրջանէն իսրայէլեան անմիջական հեռացում չէ պահանջած:
Անդրադառնալով Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի ժողովին` «Իսրայէլ Հայոմ» կը նշէ, որ նախարարները շփոթահար մնացած են, երբ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու չէ յստակացուցած, եթէ Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւնները պիտի դադրին կամ ոչ:
Օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբաթ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ տեղի ունենայ երկրորդ ժողով մը` կազմելու համար քարտէսը քննարկման դրուած նիւթերու, որոնց գլխաւորները սահմանագծումը եւ հաւանական համաձայնութեան տնտեսական ու քաղաքային երեսներն են:
Լիբանանցի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Կը թուի, թէ Իսրայէլ կը ձգտի դիւանագիտական հոլովոյթին մէջ որեւէ յառաջընթաց արձանագրելէ առաջ Պընթ Ժպէյլի մէջ մարտական յաղթանակ արձանագրել»: