Չեխական «Սի.Էն.Էն. Փրիմա Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով յատուկ բանագնաց Էլչին Ամիրպեքով դիտել տուաւ, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը «երկարաժամկէտ եւ անդառնալի խաղաղութեան գրաւական է»:
Ան պատասխանեց նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցումին եւ խօսեցաւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար ձեռնարկուող քայլերուն մասին:
«Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ արդիւնքները նոր սահմանադրութեան ընդունման վերաբերեալ հանրաքուէին, կարեւոր դեր պիտի խաղան երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան եւ, հետեւաբար, շրջանին մէջ երկարաժամկէտ եւ անդառնալի խաղաղութեան ապահովման գործին մէջ», հաղորդեց լրատուամիջոցը: