Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պնդեց. «Նախանձախնդիր ենք Լիբանանի հետ խաղաղութեան ու յարաբերութիւններու բնականոնացման հասնելու նկատմամբ»: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:
«Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ մեծ տարակարծութիւններ գոյութիւն չունին: Հըզպալլան միակ խնդիրն է, եւ պէտք է զայն լուծել», ըսաւ ան:
«Հըզպալլան Լիբանանը իրանեան իրողական բռնագրաւման տակ կը պահէ», նշեց իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը: