Անցեալ երեքշաբթի գիշեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի երթի մրցումին, Պայերն Միւնիխ բաւական լաւ ելոյթ մը ցուցաբերեց Ռէալ Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտին վրայ եւ մանաւանդ առաջին կիսախաղին մեծ թիւով առիթներ կորսնցնելէ ետք 2-0 արդիւնքով կը յառաջանար մինչեւ 74-րդ վայրկեան, երբ ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ կրցաւ կոլ նշանակել Մանուէլ Նոյըրի բերդին մէջ:
Պէտք է ըսել, որ մրցումի վերջին 20 վայրկեաններուն ՌԷալ Մատրիտ շատ առիթներ ձեռք ձգեց, եւ Մանուէլ Նոյըր 5 առիթներ կրցաւ զսպել:
Ճիշդ է, որ Ռէալ Մատրիտ բնական ֆութպոլ չի խաղար, բայց սպանական խումբը միշտ ալ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մէջ տարբեր ձեւերով յաղթելու «վարժուած է»:
Մանուէլ Նոյըր մրցումին աստղն էր երթին իր բերդին ուղղութեամբ 10 հարուածներէն 9-ն զսպելով: Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ զոյգ մարզիկները շատ արագ եւ ուժգին հարուածներու տէր մարզիկներ են: Վինիսիուս Ճունիորի եւ Էմպափէի կողքին Ռէալ ունի Ճուտ Պելինկհամն ու Ֆետերիքօ Վալվերտէն, որոնք շատ անգամ Ռէալին յաղթանակները կերտած են:
Այսօրուան մրցումին Ռէալ Մատրիտէն պիտի բացակայի միջնապահ Օրքլիէն Չուամենին` կախակայուած ըլլալուն պատճառով, մինչ բերդապահ Թիպօ Քուրթուա Մանչեսթըր Սիթիի դէմ անցեալ ամսուան մրցումին վիրաւորուած էր: Յառաջապահ Ռոտրիկօ իր կարգին 2 մարտին Խեթաֆէի դէմ մրցումին վիրաւորուած էր եւ մինչեւ տարեշրջանի աւարտը պիտի բացակայի:
Պայերն Միւնիխէն պիտի բացակայի 18 տարեկան փայլուն աստղ Լենարտ Քարլ, որ ուրբաթ օր փորձի պահուն աջ սրունքին մկանը պատռած էր:
Անգլիացի Հերի Քէյն եւ քանատացի Ալֆոնսօ Տէյվիս տակաւին հարիւր տոկոսով ապաքինած չեն, բայց մրցումին կարեւորութեան պատճառով շատ հաւանական է, որ մանաւանդ Քէյն մասնակցի, երթի մրցումին նման:
Պայերն Միւնիխ «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով 2012-էն ի վեր չէ կրցած յաղթել Ռէալ Մատրիտին Գերմանիոյ մէջ, եւ պէտք է ըսել, որ անցեալ շաբթուան յաղթանակը վերջ դրած էր վերջին 8 ձախող ճակատումներուն (6 պարտութիւն, 2 հաւասարութիւն):
Բայց եթէ այժմու մակարդակին նայինք, եթէ Պայերն առիթները օգտագործէ, ոսկի հաւանականութիւն ունի հասնելու կիսաւարտական:
Օրուան երկրորդ մրցումին, Արսենալ ունի 90 վայրկեանները յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով հասնելու «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտական:
Անցեալ շաբաթ Փորթուգալի մէջ Արսենալ կրցած էր 1-0 արդիւնքով յաղթել Սփորթինկ Լիզպոնին:
Հակառակ իր վերջին անկայուն ելոյթներուն, ուր Արսենալ կորսնցուց Լիկայի բաժակն ու դուրս մնաց «Էֆ. Էյ. Քափ»-էն, Արսենալ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մէջ յաջող տարեշրջան մը կը բոլորէ` անյաղթ մնալով իր կատարած 11 մրցումներուն (10 յաղթանակ եւ 1 հաւասարութիւն):
Ճիշդ է, որ մէկ կոլի առաւելութիւնը ֆութպոլի մրցումի մը (երթին) այդքան ալ ապահով չի նկատուիր, բայց նկատի ունենալով Արսենալի եւ Սփորթինկ Լիզպոնի մակարդակները, Արսենալ դժուարութիւն պէտք չէ ունենայ:
Սփորթինկ Լիզպոն դաշտէն կատարած իր վերջին 8 մրցումներուն («Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով) միայն 1 յաղթանակ կրցած է արձանագրել` 5 պարտութեան կողքին:
Արսենալ 6 մրցում կատարած է Սփորթինկի դէմ` յաղթելով 3-ին, առանց կրելու որեւէ պարտութիւն:
Բայց ֆութպոլը թուղթի վրայ չի խաղցուիր, այլ դաշտին վրայ, եւ 90 վայրկեաններէ ետք է, որ կրնանք գիտնալ կիսաւարտականի հասնող այսօրուան զոյգը: