Մարմնամարզութիւն. Հայ Մարզիկներու Յաջող Ելոյթները

Հայ մարզիկները յաջող ելոյթ ունեցան 2026-ի աշխարհի բաժակի 5-րդ մրցաշարքին` Օսիեքի մէջ (Խրուաթիա):

Անցեալ փետրուարին Քոթպուսէն (Գերմանիա), Պաքուէն (Ազրպէյճան), Անթալիայէն (Թուրքիա) եւ Գահիրէէն (Եգիպտոս) ետք Օսիեք անցեալ շաբաթ հիւրընկալած էր 5-րդ մրցաշարքը: Տարեշրջանի վերջին ելոյթը սկզբունքով Տոհան (Քաթար) պիտի հիւրընկալէր, բայց Միջին Արեւելքի անկայուն վիճակին պատճառով ջնջուած էր 6-րդ մրցաշարքը:

Համլեթ Մանուկեան Գահիրէի մէջ ոսկի մետալը շահելէ ետք կրցաւ ոսկի մետալ մը եւս աւելցնել նժոյգի թափի մարզաձեւին մէջ:

18 տարեկան Մանուկեան 14.733 կէտ հաւաքեց, մինչ Մամիկոն Խաչատրեան 6-րդ դիրքը գրաւեց 13.433 կէտ հաւաքելէ ետք:

Ղազախստանի մարզիկներ Զէյնոլլա Իտրիսով եւ Նարիման Քուրպանով յաջորդաբար արծաթ եւ պրոնզ մետալներ ձեռք ձգեցին նժոյգի թափի մրցումներուն:

Յենացատկի մրցումներուն, աշխարհի եւ Եորոպայի ախոյեան եւ Ողիմպիական խաղերու արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիր Արթուր Դաւթեան դարձաւ արծաթէ մետալակիր` 14.583 կէտ հաւաքելէ ետք:

Առաջին դիրքը գրաւեց Բրիտանիոյ մարմնամարզիկ Հերի Հեփուորթ, որ 14.616 կէտ ձեռք ձգեց:

Օղակներու վարժութեան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Արթուր Աւետիսեան նուաճեց պրոնզէ մետալ` 14.133 կէտ հաւաքելէ ետք:

Չինաստանի ներկայացուցիչ Լիու Հենկիու շահեցաւ ոսկի մետալ, մինչ Հերի Հեփուորթ` արծաթ մետալ, օղակներու վարժութեան մրցումներուն:

Նշենք, որ Քոթպուսի մէջ Արթուր Աւետիսեան ոսկի մետալ շահած էր օղակներու վարժութեան, մինչ Մամիկոն Խաչատրեան արծաթ մետալ` նժոյգի թափի մրցումներուն:

Պաքուի մէջ Հայաստանի հաւաքականը չէր մասնակցած, մինչ Անթալիոյ մրցաշարքէն դուրս մնացած էր հաւաքականը, որ կը գտնուէր Միջին Արեւելք եւ ճամբորդութեան ուշացում ունեցան պատերազմին պատճառով:

Գահիրէի մէջ ոսկի մետալներ ձեռք ձգած էին Համլեթ Մանուկեան (նժոյգի թափեր) եւ Արթուր Դաւթեան (յենացատկ):

 

Leave a Comment