Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու հարթակներուն վրայ, առ ի հակազդեցութիւն իսրայէլեան յարձակողապաշտութեան, կատարուեցաւ հետեւեալ գրառումը.
«Իսրայէլ վայրագ յարձակողապաշտութիւն գործեց Լիբանանի դէմ:
Այդ սակաւաթիւ վայրկեաններուն ընթացքին, մարդկայնութիւնը լացաւ այնպիսի լռութեամբ, որ չլսուեցաւ ոեւէ մէկուն կողմէ»: