Հայ բռնցքամարտիկ Ազատ Յովհաննիսեան (23-6) յաջողութեամբ նշեց իր նորամուտը` «Զուֆա Պոքսինկ» լիկային մէջ, յաղթելով մեքսիքացի Էտուարտօ Պայէսին (25-8):
Մենամարտը շատ դժուար եղաւ 37 տարեկան Յովհաննիսեանի համար, որ աւելի հռչակաւոր է «Քրէյզի Էյ.» անունով: Ան առաջին ռաունտին իսկ ձախ ձեռքը վիրաւորեց, բան մը, որ բնականաբար վատ ազդեց մենամարտին վրայ: Պայէս արագ ձեւով օգտուեցաւ եւ աւելի արագ ձեւով սկզբնական ռաունտերուն կրցաւ կէտեր շահիլ:
Երրորդ եւ չորրորդ ռաունտերուն, Յովհաննիսեան աստիճանաբար սկսաւ յարմարիլ իր վիրաւոր վիճակին եւ 5-րդ ռաունտէն ետք սկսաւ ինք աւելի յարձակողական խաղալ` շեշտը դնելով աջ ձեռքով հակայարձակումներուն վրայ: Երկրորդ մասին աւելի հաւասարակշռուած էր մենամարտը, բայց մինչեւ 10-րդ եւ վերջին ռաունտ, ազատ կրցաւ աւելի կէտեր հաւաքելով շահիլ 95-95, 97-93 եւ 96-94 իրաւարարներու արդիւնքով:
Այս յաջողութիւնը դարձաւ Յովհաննիսեանի ասպարէզի 23-րդ յաղթանակը եւ շատ հաւանաբար ամէնէն դժուարներէն մէկը` իր 15 տարուան արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին: