Հայաստանի Ֆութպոլի Արտօնագրի Հերթական Նիստը

1 ապրիլ 2026-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ակումբներու արտօնագիրի կոմիտէի հերթական նիստը: Քննարկման կեդրոնական նիւթերն էին ակումբներու դիմումները` ազգային արտօնագիր ստանալու, որ անհրաժեշտ է մասնակցելու Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի 2026-2027 տարեշրջանին:

Քննութեան ներկայացած էին 12 ակումբներու փաստաթուղթի` բարձրագոյն դասակարգի 9 ներկայացուցիչ եւ առաջին կարգի (Բ. դասակարգ) 3 ակումբներու ներկայացուցիչներ: Բոլոր ներկայացուցիչներն ալ ներկայացուցած էին ոչ նիւթական չափանիշներու համապատասխան ծրարներ, որոնք պարտադիր փուլ են ազգային արտօնագիրի գործընթացին մէջ:

Նիստին հիմամբ կոմիտէն միաձայն որոշեց արտօնագիրներ տրամադրել 11 ակումբներու` Ալաշկերտ, Փիւնիկ, Վան, Ուրարտու, Արարատ, Նոա, Արարատ – Արմենիա, Շիրակ, Գանձասար, Սիւնիք եւ Սարդարապատ: Ազգային արտօնագիրը կարելիութիւն կու տայ այս ակումբներուն անցնիլ յաջորդ փուլ` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի արտօնագիրի գործընթացին:

Այժմ ակումբները կը պատրաստեն իրենց նիւթական փաստաթուղթերը` միջազգային պահանջներուն համապատասխանութիւնը հաստատելու համար:

Միակ ակումբը, որ մերժուեցաւ, Անդրանիկն էր: Անդրանիկի դիմումնագիրը չընդունուեցաւ, մասնաւորապէս աղջկանց խումբ չունենալուն պատճառով, բան մը, որ պարտադիր պահանջ էր:

Միեւնոյն ժամանակ, Անդրանիկ իրաւունք ունի բողոքելու այս որոշումին դէմ` դիմելով վերաքննիչ կոմիտէին:

Այսպիսով, նոր տարեշրջանի մասնակիցներու ձեւաւորման գործընթացը արդէն սկսած է, իսկ վերջնական ցանկը կախուած պիտի ըլլայ արտօնագիրներու բոլոր փուլերու պահանջներուն ամբողջացումէն ետք, ներառեալ «Եու. Է. Էֆ.»-ի պահանջները:

Նշենք, որ Երեւանի բանակայիններու ակումբը` ԲԿՄԱ չի մասնակցիր արտօնագիրներու գործընթացին: Այս ձեւով յառաջիկայ տարեշրջանին կրնան 12 խումբեր մասնակցիլ, սակայն պարտադիր չէ, որ բոլոր արտօնագիր ունեցող խումբերը մասնակցին: Այս պահուն բարձրագոյն դասակարգին մաս կը կազմեն 10 խումբեր:

Leave a Comment