Իսրայէլի խորհրդարանը` Քնեսեթը, որդեգրած է հակասական եւ միակողմանի օրինագիծ մը, որ զինուորական դատարաններուն կը հրահանգէ մահապատիժ սահմանել այն պաղեստինցիներուն նկատմամբ, որոնք դատապարտուած են «ահաբեկչական գործողութիւններու պատճառով» իսրայէլացիներու սպանութեան համար, սակայն նոյն պատժաչափը չի սահմաներ պաղեստինցիներու սպանութեան համար դատապարտուած հրեայ իսրայէլացիներու դէմ: Այս մասին կը գրէ «Ժազիրա»-ն:
Օրէնքը, որ ուժի մէջ կը մտնէ 30 օրուան ընթացքին, երկուշաբթի օր հաստատուած է 120 աթոռներէ բաղկացած Քնեսեթի 62 անդամներու կողմէ, ներառեալ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն: 48 երեսփոխաններ դէմ քուէարկած են, իսկ մէկը ձեռնպահ մնացած է:
Պաղեստինեան իշխանութիւնը օրինագիծը կոչած է պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ զինուորական յանցագործութիւն` նշելով, որ անիկա կը խախտէ Ժընեւի չորրորդ հռչակագիրը, յատկապէս անհատներու համար երաշխաւորուող պաշտպանութիւնը եւ արդար դատաքննութեան երաշխիքները:
Պաղեստինեան իշխանութիւնը նշած է, որ միջազգային օրէնքին համաձայն, Իսրայէլի խորհրդարանը պէտք չէ օրէնսդրական գործունէութիւն ծաւալէ Այսրյորդանանի մէջ, որ Իսրայէլի գերիշխան տարածք չէ, հակառակ Նեթանիահուի ծայրայեղ աջակողմեան դաշինքի` տարածքը Իսրայէլին բռնակցելու բոլոր ջանքերուն:
Իսրայէլեան բանտերուն մէջ կը գտնուին աւելի խան 9500 պաղեստինցիներ, որոնցմէ 350-ը` երեխաներ, իսկ 73-ը` կիներ, որոնք պաղեստինեան եւ իսրայէլեան իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու համաձայն կ՛ենթարկուին չարչարանքի, սովի, բժշկական անտեսման, որոնք պատճառ դարձած են տասնեակներու մահուան: