Թրամփ. «Լրջօրէն Կը Մտածեմ ՕԹԱՆ-էն Հեռանալու Մասին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բրիտանական «Թելեկրաֆ» օրաթերթին յայտնած է, թէ լրջօրէն կը մտածէ Միացեալ Նահանգները ՕԹԱՆ-էն հեռացնելու մասին` նշելով. «Միշտ ալ գիտէի, թէ ՕԹԱՆ-ը թուղթէ վագր է»:

«Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան համաձայնութենէն հեռանալու հարցը վերատեսութեան փուլէն անդին անցաւ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով, որ երկար ատենէ ի վեր կասկածներ ունեցած է ՕԹԱՆ-ի հաւաստիութեան վերաբերեալ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պատերազմէն ետք Միացեալ Նահանգներու դաշինքին անդամակցութեան հարցը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ՞, Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ. «Այո՛, կ՛ըսեմ, թէ հարցը վերատեսութեան փուլէն անդին անցաւ»:

«Երբեք ալ Հիւսիսատլանտեան դաշինքով չհամոզուեցայ, եւ ի միջի այլոց, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւս ատիկա գիտէ», աւելցուց Թրամփ:

 

Leave a Comment