Սպանիոյ Իրաւարարներու Մարմինը Մերժեց Ռէալ Մատրիտի Առաջարկը

Սպանիոյ ֆութպոլի իրաւարարներու կոմիտէն մերժեց Ռէալ Մատրիտի բողոքը` Ռէալ Մատրիտ – Աթլեթիքօ Մատրիտ (3-2) մրցումին գծով, միջնապահ Ֆետերիքօ Վալվերտէի վտարումին վերաբերեալ:

Բողոքարկումի յանձնախումբը եզրակացուցած է, որ Ռէալ Մատրիտ ակումբին կողմէ ներկայացուած ապացոյցները բաւարար չեն, որ ֆութպոլիստին 1 մրցումով կախակայման որոշումը բեկանուի:

Այս ձեւով ուրուկուէյցի միջնապահը ստիպուած պիտի ըլլայ բացակայելու «Լա լիկա»-ի 30-րդ հանգրուանին գծով Ռէալ Մայորքա – Ռէալ Մատրիտ մրցումէն:

Նշենք, որ Վալվերտէ ուղղակի կարմիր քարտ ստացած էր Մատրիտ քաղաքի տերպիի մրցումի 77-րդ վայրկեանին, Ալեքս Պայենան խոշտանգելուն պատճառով: Հանդիպումին իրաւարար Խոսէ Մունուերա Մոնթերօ մրցումի պաշտօնական արձանագրութեան մէջ նշած է, որ մարզիկը վտարուած է գնդակէն հեռու գտնուելուն պատճառով, մանաւանդ որ մրցակիցին հանդէպ անհամաչափ ուժ գործածած էր հարուածելով զայն:

Աւելցնենք, որ Սպանիոյ ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանէն ետք Ռէալ Մատրիտ 69 կէտ ունի եւ Բ. դիրքը կը գրաւէ` 4 կէտերով ետ մնալով Պարսելոնայէն:

Leave a Comment