Հայաստանի երիտասարդներու ազգային խումբը 2027-ին Եուրոյի զտումի իր վերջին մրցումին 9-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ արձանագրեց Ճիպրալթարի դէմ մրցումին, Անթալիոյ մէջ:
Ութ տարբեր ֆութպոլիստներ նշանակեցին Հայաստանի կոլերը: Տուպլէ իրագործեց Փիւնիկի միջնապահ Ժիրայր Աշիկեան: Մէկական կոլեր նշանակեցին Նոայի մարզիկներ Մայքըլ Ասիրեան, Ալպերթ Գարեգինեան եւ Դաւիթ Դաւիթեան: Արարատ – Արմենիայի միջնապահներ Յարութիւն Մովսիսեան եւ Մարտուն Յովհաննիսեան, ինչպէս նաեւ Ռոսթովի (Ռուսիա) մարզիկներէն Դաւիթ Բատոյեան եւ Դանիէլ Ամբարձումով (Կրասնոտար, Ռուսիա) նշանակեցին կոլեր: 2 էսիսթ ձեռք ձգեց նաեւ Ամբարձումով:
Ռազմիկ Գրիգորեանի մարզած խումբը մրցանիշ հաստատեց ամէնէն մեծ յաղթանակը արձանագրելով պատմութեան մէջ: Նախապէս 19 տարեկանէն վար ազգային խումբը 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Հունգարիան, 2005-ին:
Այս արդիւնքը սակայն չօգնեց, որ Հայաստան հասնի յաջորդ հանգրուան, մանաւանդ որ Քոսովօ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Թուրքիոյ: Պէտք էր հաւասարութեամբ աւարտէր այս մրցումը: Նախապէս Հայաստան 1-1 արդիւնքով հաւասարած էր Քոսովոյի եւ Թուրքիոյ հետ: