Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երէկ յայտարարեց, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ արգելակիչ գօտի պիտի ստեղծուի, եւ մինչեւ Լիթանի գետ երկարող շրջանը վերահսկողութեան տակ պիտի պահուի:
«Զինուորական գործողութիւններու աւարտին (իսրայէլեան) բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ պիտի տեղակայուի մինչեւ Լիթանի գետ երկարող ապահովական գօտիի մը մէջ», շեշտեց Քաց:
Ան ըսաւ, որ հարաւային Լիբանանի շուրջ 600 հազար բնակիչներ, որոնք տեղահանուած են, պիտի չկարենան իրենց շրջանները վերադառնալ, մինչեւ հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչներու անվտանգութեան երաշխաւորումը:
«Լիբանանի մէջ սահմանամերձ բոլոր գիւղերու տուները պիտի քանդուին», յայտարարեց Քաց:
«Լիբանանի մէջ իրավիճակը պիտի փոխենք իսրայէլեան բանակին անհրաժեշտ դիրքերու վրայ ապահովական ներկայութեան ճամբով եւ ամբողջական զսպումով, ինչպէս Սուրիոյ եւ Կազայի մէջ ըրինք», աւելցուց ան:
Իսրայէլեան բանակը, սակայն, յայտարարեց. «Լիբանանի մէջ ապահովական գօտիին վերադառնալու մտադրութիւն չկայ: Նպատակը լիբանանեան սահմանամերձ բոլոր գիւղերը քանդելը չէ, այլ` զանոնք մաքրելը եւ Հըզպալլայի ենթակառոյցները թիրախաւորելը»:
«Հարաւային Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութեան նպատակը վերահսկողութիւն հաստատելն է Իսրայէլի գիւղերու ուղղութեամբ հրթիռ արձակելու համար օգտագործուող շրջաններուն վրայ», նշեց իսրայէլեան բանակը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց. «Մենք անվտանգութեան լայն գօտիներ ստեղծելու եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ահաբեկչական գիւղերը մաքրելու ուղղութեամբ աշխատանք կը տանինք»:
«Պիտի շարունակենք մեր թշնամիները հարուածելը հիւսիսի բնակիչներուն եւ Իսրայէլի բոլոր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար», նշեց Նեթանիահու:
Իսրայէլեան օդուժը երկուշաբթի գիշեր Արեւմտեան Պեքայի վրայ գործեց յարձակումներու շարք մը, որուն ընթացքին թիրախաւորեց Սըհմոր, Եըհմոր, Քլիա, Ուատի Տալլաֆէ, Լուպիա գիւղերը, Հասպայայի եւ Արեւմտեան Պեքայի միջեւ գտնուող Ահմատիէի մերձակայքը, Զլայայի մերձակայքը եւ Զըլլայայի մէջ գետի հունը:
Օդային յարձակումներու մեծամասնութիւնը պատճառ դարձաւ փակելու շրջանին մէջ գլխաւոր ճամբաները, որոնց շարքին են Եըհմորի եւ Լուպիայի միջեւ ճամբան, Քլիայի եւ Տալլաֆէի միջեւ ճամբան, Քլիայի եւ Ահմատիէի միջեւ ճամբան, ինչպէս նաեւ Պըրղոզ շրջանին մէջ Ահմատիէի եւ Իպլ Սաքքայի միջեւ ճամբան:
Իսրայէլեան օդուժը երէկ դարձեալ յարձակումներ գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ:
Երէկ երեկոյեան մօտ պատերազմի սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Լեռնալիբանանի Մեթն գաւառին վրայ, որուն Մար Ռուքոզ շրջանին մէջ հարուածեց կառատուն մը:
Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը իրերայաջորդ կերպով յարձակում գործեց Սրիֆա գիւղին վրայ:
Լիբանանեան բանակը դատարկեց Պարաաշիթի մէջ իր կեդրոնը եւ սկսաւ տեղակայուիլ Պէյթ Եահունի կեդրոնին մէջ: Ապահովական աղբիւր մը «Ժատիտ»-ին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը նաեւ կը դատարկէ Պընթ Ժպէյլ գաւառի Թիրի եւ Պէյթ Եահուն գիւղերուն մէջ գտնուող իր կեդրոնները:
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումէն ի վեր արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացած է 1268-ի, իսկ վիրաւորներունը` 3750-ի:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ ճակատամարտներու ընթացքին սպաննուած են «Նահալ» զօրամասէն սպայ մը եւ երեք զինուորներ, ինչպէս նաեւ 6 ուրիշներ վիրաւորուած են: Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը իր կարգին նշեց, թէ չորս զինուորները սպաննուած են Հըզպալլայի զինեալներուն հետ բախումներու ընթացքին` նշելով, որ փրկարար խումբերուն դէմ հակազրահապատ հրթիռ մը արձակուած է, երբ կը փորձէին զինուորներուն դիակները հեռացնել:
Աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած է, որ երկու կողմերուն միջեւ բախումը մօտ հեռաւորութեան վրայ տեղի ունեցած է: Իսրայէլեան բանակը զինեալներուն թիրախաւորման համար դիմած է օդուժին, հրասայլերու եւ հրետանիին օգնութեան:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը տասնեակներով քիլոմեթրներ չէ ներթափանցած լիբանանեան հողերուն մէջ, եւ այս թերութիւնը յստակ կերպով կը զգացուի Լիբանանի մէջ ընթացող մարտերուն մէջ»:
Իսրայէլեան ներքին հետախուզութենէն` Շապաքէն նախկին պաշտօնատար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ կռիւի կառավարման մէջ բաց գոյութիւն ունի, հակառակ բանակի տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցներու օգտագործման»:
Իսրայէլեան ապահովական աղբիւրներ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնած են, թէ Իսրայէլ մտադիր է հարաւային Լիբանանի վրայ «ազդու վերահսկողութիւնը» պահպանել նոյնիսկ ներկայ պատերազմի աւարտէն ետք եւ անորոշ ժամանակով, մեկնելով այն նախատեսութենէն, թէ Հըզպալլան տակաւին զինաթափուած պիտի չըլլայ:
Օրաթերթը կը նշէ, որ հարաւային «առաջին գիծի» գիւղերու տուները կը քանդուին` մեկնելով իսրայէլեան այն գնահատումէն, որ Հըզպալլան շրջանին մէջ կանգուն մնացած կառոյցները կ՛օգտագործէ: Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ պատերազմին վերջ տալու յստակ ժամանակացոյց չկայ, եւ Իսրայէլ չ՛ուզեր քանի մը ամսուան մօտաւոր ժամկէտով բաւարարուիլ, հաւանական նկատելով, որ Լիբանանի մէջ պատերազմը Իրանի հետ պատերազմէն աւելի երկար տեւէ:
«Ճերուզալեմ Փոսթ» կը նշէ, որ երկու կողմերուն մէջ կրակոցի նուազումը հաւանական է Իրանի հետ պատերազմի աւարտէն ետք, առանց իսրայէլեան ուժերու արագ հեռացման, թղթածրար մը, որ պիտի ձգուի հետագայ դիւանագիտական հոլովոյթին:
Քաթար. «Լիբանանի Մէջ Արգելակիչ Շրջանի Մասին Խօսակցութիւնը Միջազգային Օրէնքի Խախտում Է»
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի շեշտեց. «Անհրաժեշտ է յարգել Լիբանանի գերիշխանութիւնը, եւ այդտեղ արձանագրուող յարձակումները միջազգային օրէնքի խախտումներ են»:
«Իսրայէլեան ներխուժումներն ու Լիբանանի մէջ արգելակիչ շրջանի մասին խօսակցութիւնը կը խախտեն միջազգային օրէնքը», աւելցուց ան:
«Լիբանանի մէջ լարուածութիւնը թուլացնելու շուրջ միջազգային կողմերու հետ համակարգումը ընթացքի մէջ է», յայտնեց Անսարի:
Իտալիոյ Եւ Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարները Լիբանանի Կացութեան Նկատմամբ Մտահոգութիւն Կը Յայտնեն
Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Կուիտօ Քրոսեթօ եւ Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարար Քաթրին Վոթրան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեցին Լիբանանի մէջ ապահովական կացութեան վատթարացման համար` մասնաւորաբար նշելով ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամները թիրախաւորած յարձակումները, որոնք խաղաղապահ ուժերուն շարքին մէջ 3 զոհ եւ շարք մը վիրաւորներ պատճառեցին:
Անոնք այդպիսի դէպքերու անընդունելիութիւնն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամներուն դիմագրաւած վտանգներու աճը շեշտեցին:
«Լիբանանի կայունութիւնը հիմնական եւ անփոխարինելի յենասիւն է ամբողջ Միջերկրական ծովու աւազանի հաւասարակշռութեան համար», նշեցին երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները:
«Իտալիան ու Ֆրանսան պիտի շարունակեն միասնաբար, սերտ երաշխաւորութեամբ աշխատիլ ՖԻՒՆԻՒԼ-ի անձնակազմի անվտանգութիւնը, խաղաղութեան պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն աջակցելու համար», ընդգծեցին անոնք:
Ինտոնեզիա. «Իսրայէլեան Շարունակուող Գործողութիւնները ՖԻՆԻՒԼ–ի Ուժերը Մեծ Վտանգի Կ՛ենթարկեն»
Ինտոնեզիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղապահ ուժերու ծիրին մէջ գործող ինտոնեզիական ուժերը թիրախաւորած յարձակումը անընդունելի է եւ շրջանին մէջ ապահովական կացութեան արագ վատթարացումը կ՛արտացոլէ:
Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ Հարաւային Լիբանանի մէջ շարունակուող իսրայէլեան գործողութիւնները, մարտական կացութեան մագլցումին լոյսին տակ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը մեծ վտանգի կ՛ենթարկեն:
Բրիտանիոյ Միջին Արեւելքի Հարցով Նախարար. «Իսրայէլ Պէտք Է Լիբանանեան Հողեր Գրաւելու Նպատակով Որեւէ Արարքէ Ետ Կանգնի»
Բրիտանիոյ Միջին Արեւելքի հարցով նախարար Հէյմիշ Վալքոնըր նշեց, որ մեծապէս մտահոգուած է Իսրայէլի Լիբանանի մէջ իր ցամաքային գործողութիւնները ընդլայնելու մտադրութեան մասին յայտարարութենէն:
Բրիտանացի նախարարը ըսաւ, որ Իսրայէլ պէտք է խուսափի հակամարտութեան յաւելեալ մագլցումէ եւ լիբանանեան հողեր գրաւելու նպատակով որեւէ արարքէ ետ կանգնի: