«Հայփ Էֆ. Սի.» Արսէն Յարութիւնեանի Ջախջախիչ Յաղթանակը

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայփ Էֆ. Սի.» մրցաշարքը, ուր անսովոր մենամարտի մը ընթացքին հանդիպեցան հայ ըմբիշ Արսէն Յարութիւնեան եւ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարտիկ Պաղտաթ Ժուպանիշ:

Մենամարտի սկիզբէն իսկ Յարութիւնեան ցուցադրեց մակարդակի զգալի տարբերութիւն` վստահօրէն իշխելով մենամարտի ընթացքին վրայ, պարտադրելով արագ ընթացք եւ յաջողութեամբ իրականացնելով ոտքերու անցումներ` մրցակիցին կարելիութիւն գրեթէ չտալով, որ պատասխանէ: Այդ պատճառով ալ հայ ըմբիշը կէտերու բարձր տարբերութեամբ յաղթական հռչակուեցաւ մրցումի աւարտին, որ եղաւ Յարութիւնեանի առաջինը այս ձեւի «շօ»-ի ընթացքին եւ մեծ թիւով համակիրներու ներկայութեան:

Մենամարտէն ետք մրցակից Ժուպանիշ «վրէժի մրցում» չպահանջեց այլ ուզեց անգամ մը եւս մրցիլ Յարութիւնեանի դէմ` այս անգամ «Կրեփլինկ»ի կանոններով: Առայժմ յայտնի չէ, թէ արդեօք հայ ըմբիշը կ՛ընդունի՞ այդ մարտահրաւէրը, սակայն հաւանական դիմակայութիւն մը արդէն իսկ մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ համակիրներու շրջանակին մէջ:

Նոյն մրցաշարքի ծիրին մէջ, հայկական «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի պատմական մարտիկ Դաւիթ Խաչատրեան դիւրութեամբ կրցաւ յաղթել Ղազախստանի ներկայացուցիչ Սերիկ Սարմուխամետի:

Մենամարտը տեւեց ընդամէնը քանի մը վայրկեան: Առաջին վայրկեանէն իսկ Խաչատրեան տիրապետեց մրցումին, տապալեց մրցակիցը եւ սկսաւ ծանր հարուածներ հասցնել անոր: Սարմուխամետ չկրցաւ ինքզինք պաշտպանել, այդ պատճառով ալ իրաւարարը աւարտեց մրցումը` յաղթական հռչակելով Խաչատրեանը:

Հետաքրքրականը այն է, որ ճակատումը այդքանով չաւարտեցաւ: Մենամարտէն անմիջապէս ետք, Խաչատրեան եւ Սարմուխամետ անգամ մը եւս պայմանաւորուեցան իրար դէմ մրցիլ այս անգամ բռնցքամարտի կանոններով` «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի ձեռնոցներով:

Երկրորդ մենամարտն ալ աւարտեցաւ Խաչատրեանի յաղթանակով, սակայն իրաւարարներու միաձայն որոշումով:

Այլ ճակատումի մը, Կամօ Յունանեան արագ յաղթանակ տարաւ Իրանի ներկայացուցիչ Պահրամնեճանի դէմ:

Մենամարտը տեւեց ընդամէնը 40 երկվայրկեան, ուր Յունանեան քանի մը դիպուկ հարուածներէ ետք մրցակիցը գետին բերաւ եւ աւարտեց մրցումը խեղդող հնարքով: Այս յաղթանակը Յունանեանի 8-րդ յաջորդական յաղթանակն էր «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի իր ասպարէզին մէջ, եւ բոլորն ալ աւարտէն առաջ, սակայն այս մրցումը անոր առաջինն էր սապմիշըն օրէնքով: Նշենք, որ Յունանեան Քարաթէի մարզիկ է նաեւ:

 

Leave a Comment