Զելենսքի. «Ուաշինկթըն Ապահովական Երաշխիքները Ուքրանիոյ Տոնպասը Ռուսիոյ Զիջելուն Կը Կապէ»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ խաղաղութեան համաձայնութեան համար իրենց կողմէ ապահովական երաշխիքներու տրամադրումը պայմանաւորեցին Քիեւի Տոնպասի շրջանը ամբողջութեամբ Ռուսիոյ զինջելով:

Զելենսքի նշեց, որ Միացեալ Նահանգները ներկայիս կեդրոնացած են Իրանի հետ իրենց հակամարտութեան վրայ, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուքրանիոյ վրայ ճնշում կը բանեցնէ` փորձելով արագացնել չորս տարի առաջ սկսած պատերազմի աւարտը:

«Միջին Արեւելքը հաստատօրէն կ՛ազդէ նախագահ Թրամփի վրայ, եւ կը կարծեմ, որ անոր յաջորդ քայլերուն վրայ կ՛ազդէ: Ցաւօք, իմ տեսակէտովս, նախագահ Թրամփը տակաւին ուքրանական կողմին վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու ռազմավարութիւնը կ՛ընտրէ», ըսաւ ան:

Զելենսքի նշեց, որ տակաւին չեն լուծուած անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ երկու հարցեր` այն, թէ ո՛վ պիտի օգնէ Ուքրանիոյ իր զսպիչ զինուորական ուժը պահպանելու համար զէնքերու գնման, եւ անոր դաշնակիցները ճիշդ ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն ապագային ռուսական որեւէ յարձակումի մը:

«Ամերիկացիները պատրաստ են բարձր մակարդակի վրայ այդ երաշխիքներուն վերջին բարեփոխումները կատարելու, երբ Ուքրանիան պատրաստ ըլլայ Տոնպասէն հեռանալու», յայտնեց Ուքրանիոյ նախագահը:

Զելենսքի զգուշացուց, որ Տոնպասէն հեռացումը պիտի վտանգէ Ուքրանիոյ, ուստի նաեւ Եւրոպայի անվտանգութիւնը, որովհետեւ շրջանին մէջ պաշտպանական հզօր դիրքերը Ռուսիոյ զիջելու պիտի յանգեցնէ:

«Շատ կ՛ուզեմ, որ ամերիկեան կողմը հասկնայ, թէ մեր երկրին արեւելեան մասը մեր ապահովական երաշխիքներուն մէկ մասն է», նշեց Ուքրանիոյ նախագահը:

Leave a Comment