«Էմ. Էմ. Էյ.» Մխիթար Բարսեղեան` Յաղթական

Մինսքի մէջ տեղի ունեցած «Էյ. Սի. Էյ. 201» մրցաշարքին, հայ մարտիկ Մխիթար Բարսեղեան իր 14-րդ մրցումին 9-րդ յաղթանակը արձանագրեց` այս անգամ վրացի մարզիկ Վաժա Ցիպտաուրի դէմ: Մենամարտը վերջ գտաւ իրաւարարներու բաժնուած որոշումով (29-28, 29-28 եւ 28-29):

28 տարեկան Բարսեղեանի համար այս յաղթանակը եղաւ 4-րդը` «Էյ. Սի. Էյ. Լիկ»-ին մէջ: Ան կրցաւ ինքզինք գտնել նախկին մրցումին պարտուելէ ետք:

«Առիւծի սիրտ» ակումբի ներկայացուցիչը, որ նաեւ խումբի մարզիչներէն մէկն է, մենամարտի ընթացքին ցուցադրեց կամք եւ տոկունութիւն: Ան պահ մը կրցաւ խուսափիլ մրցակիցի վտանգաւոր խեղդող հնարքէն, որմէ ետք աստիճանաբար սկսաւ իր առաւելութիւնը աւելցնել` վրահսկելով մենամարտի ընթացքին:

Նշենք, որ Վաժա Ցիպտաուրիի համար ասիկա իր յաջորդական երկրորդ պարտութիւնն էր: Աւելի կանուխ ան պարտուած էր այլ հայ մարտիկէ մը` Հայկ Ղազարեանէն, նոյնպէս իրաւարարներու որոշումով:

Leave a Comment