«Ֆորմիւլա 1». Սուզուքայի Մէջ «Մերսետես» Մրցակից Պիտի Ունենա՞յ

Վաղը առաւօտեան ժամերուն Ճափոնի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուզուքայի կրան փրին, որ տարեշրջանի 3-րդը պիտի ըլլայ:

«Ֆորմիւլա 1»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւող «Մերսետես» խումբը պիտի փորձէ իր 3-րդ կրան փրին ալ շահիլ` նկատի ունենալով, որ առաջին երկու կրան փրիները արդէն իսկ շահեցան խումբի վարորդներ Ճորճ Ռասըլ եւ Քիմի Անթոնելլի:

Վերջին անգամ 2020-ին էր, որ «Մերսետես» տարեշրջանի առաջին երեք կրան փրիները շահելով սկսած էր: 2019-ին «Մերսետես» 1-2 դիրքերը գրաւած էր առաջին երեք կրան փրիներուն:

Սակայն խումբի պատասխանատու Թոթօ Վոլֆ տարբեր կարծիք ունի. «Մենք լաւ ձեւով սկսանք տարեշրջանը, բայց այսքան է այժմ: Շատ լաւ գիտենք, որ այդ վայրկեանին, որ կը կարծես, թէ այս մարզաձեւը շատ լաւ գիտես, ընդհանրապէս սխալ կ՛ըլլաս»:

Վստահաբար Վոլֆ զգուշ կը խօսի, մանաւանդ որ մրցակից խումբերը բնականաբար պիտի փորձեն փոքր փոփոխութիւններ կատարել, որ սակայն կրնայ մեծ արդիւնք տալ յառաջիկայ կրան փրիներուն:

«Ֆեռարի» տարեշրջանի սկիզբէն փաստեց, թէ շատ լաւ ձեւով կրնայ սկսիլ մրցումը, բայց քանի մը շրջան ետք ինքնաշարժը կը սկսի որոշ արագութեան վրայ երթալ: Մինչ անցեալ երկու տարիներու խմբային ախոյեան «Մաքլարեն» վստահաբար կը փորձէ ձեւ մը գտնել ինքնաշարժը աւելի արագացնելու համար: Վերջին 5 տարիներուն 4 անգամ ախոյեան դարձած Մաքս Վերշթափըն իր «Ռետ Պուլ»-ով բաւական դժուար ժամանակ կ՛անցընէ, մանաւանդ որ «Ֆորտ»-ի մեքենային հետ մեծ փոփոխութեան ենթարկուելէ ետք այժմ կը սպասէ, որ «Ֆորտ» աւելի լաւ արդիւնք տայ յառաջիկայ մրցումներուն:

. «Սուզուքան իմ նախասիրած կրան փրիներէս մէկն է, ուր շատ արագ դարձուածքներ կան, եւ շատ լաւ յիշատակներ ունիմ հոս խումբին հետ, տեղ մը, որ միշտ կ՛ուզեմ ըլլալ», ըսաւ Վերշթափըն, որ վերջին 4 տարիներուն առաջին դիրքը գրաւած էր «Հոնտա» մեքենայով:

53 շրջաններ վարելէ ետք պիտի յայտնուի այս տարուան Սուզուքայի կրան փրիի ախոյեանը` կտրելէ ետք 307,471 քմ:

Ամէնէն աւելի յաղթանակ արձանագրած է Միքայէլ Շումախըր (6 անգամ), մինչ Վերշթափըն պիտի փորձէ իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը ձեռք ձգել Ճափոնի 40-րդ կրան փրիին:

 

Leave a Comment