Սառոյցի Վրայ Պար. Կարինա Յակոբովա – Նիքիթա Ռախմանին 8-րդ Դիրքը Գրաւեցին

Փրակայի մէջ (Չեխիա) սկսաւ սառոյցի վրայ պարի աշխարհի ախոյեանութիւնը:

Առաջին օրուան մրցումներուն գործադրուեցան աղջկանց եւ զոյգերու կարճ ծրագիրները:

Զոյգերու մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի կազմէն հանդէս եկաւ Կարինա Յակոբովա – Նիքիթա Ռախմանին զոյգը: «Տուեթ»-ը ներկայացուց 2026-ի Ողիմպիականին իր կատարած ծրագիրը` Արա Գէորգեանի «Արցախ» երաժշտութեան ներքեւ:

Հայ զոյգը իր ելոյթը սկսած էր ինքնավստահ եւ գրեթէ անսխալ կատարումով:

Անոնք ստացան 67,12 կէտ` գերազանցելով Ողիմպիական խաղերու իրենց անձնական արդիւնքը (66,27): Ըստ մասնագէտներու կարծիքին, աւելի ուշ մեկնարկը կրնար իրենց ապահովել աւելի բարձր գնահատականներ:

Այս կարճ ծրագիրին մասնակցած են 21 զոյգեր, որոնց 20-ը անցան ազատ ծրագիր: Յակոբովա – Ռախմանին զոյգը 8-րդ դիրքը գրաւեց` հաստատ քայլերով մտնելով լաւագոյն տասնեակին մէջ:

Կարճ ծրագիրի առաջին դիրքը գրաւեց գերմանացի զոյգը` Միներվա Ֆապիէն Հազէ – Նիքիթա Վոլոտին: Անոնք Ողիմպիական խաղերուն պրոնզէ մետալը շահած էին: Գերմանացի զոյգը 79,78 կէտ հաւաքեց, մինչ Վրաստանը ներկայացնող զոյգը` Անաստասիա Մետելկինա – Լուքա Պերուլաւա (79,45 կէտ) եւ քանատացի զոյգը` Լիա Պերէյրա – Թրենթ Միշօ (75-52) 3-րդ դիրքը:

Աղջկանց կարճ ծրագիրի առաջին դիրքը գրաւեց Ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր Քաորի Սաքամոթօ, որ 79,31 կէտ ձեռք ձգեց:

Երկրորդ օրուան մրցումներուն տղոց անհատական կարճ ծրագիրը գործադրուեցաւ:

Հայաստանի ներկայացուցիչ Սեմէոն Դանիլեանց 26-րդ դիրքը գրաւեց եւ 36 մասնակիցներու կողքին պայքարեցաւ գրաւելու առաջին 24 դիրքերը:

24-րդ դիրքը գրաւող շուէտացի ներկայացուցիչը 72,59 կէտ հաւաքեց, մինչ Դանիլեանց 70,94 կէտ հաւաքելով դուրս մնաց ազատ ծրագիրէն:

Նշենք, որ ազատ ծրագիրի մրցումները կը սկսին այսօր:

Leave a Comment