Վաղը տեղի կ՛ունենան 2026-ի Մոնտիալի զտումի փլէյ-օֆի գծով 8 մրցումներ:
Մոնտիալի պատմութեան լաւագոյն խումբերէն Իտալիա Պերկամոյի մէջ պիտի հիւրընկալէ Հիւսիսային Իրլանտան:
Մարզիչ Ճեննարօ Կաթուզօ յայտնեց, որ կարեւորագոյնը հոգեպէս պատրաստ ըլլալն է եւ պայքարի ոգիով է, որ կրնայ Իտալիան յաղթել եւ հասնիլ Մոնտիալին:
«Միայն այն անձը, որ արիւն չունի իր երակներուն մէջ, չի զգար այս մրցումներուն կարեւորութիւնը», ըսաւ Կաթուզօ` իր ֆութպոլիստի օրերու «տաք արիւն» վիճակով:
Վերջին անգամ Կաթուզոյի հետ է, որ Իտալիա շահած էր Մոնտիալը` 2006-ին, 4-րդ տիտղոսին տիրանալով:
Լիվըրփուլի յառաջապահ Ֆետերիքօ Քիեզա, որ 2020-ի Եուրոյի Իտալիոյ փայլուն աստղերէն մէկն էր, վերադարձաւ Անգլիա, երբ անոր առողջական վիճակը ցոյց տուաւ, թէ ան կարողութիւն չունի մասնակցելու Իտալիոյ մրցումներուն:
Այս մրցումին յաղթականը 5 օր ետք պիտի մրցի Կալես – Պոսնիա մրցումին յաղթականին դէմ, ուր վերջնական յաղթականը կը հասնի Մոնտիալ:
Ուքրանիա պիտի հիւրընկալէ Շուէտը: Այս մրցումին յաղթականը պիտի մրցի Լեհաստան – Ալպանիա մրցումին յաղթականին դէմ, իսկ վերջնական յաղթականը պիտի հասնի Մոնտիալ:
Սլովաքիա պիտի հիւրընկալէ Քոսովոն: Այս մրցումին յաղթականը պիտի մրցի Թուրքիա – Ռումանիա մրցումին յաղթականին դէմ: Չեխիա պիտի մրցի Իրլանտայի դէմ, յաղթականը պիտի մրցի Դանիա – Հիւսիսային Մակեդոնիա մրցումին յաղթականին դէմ: