Արսենալ Մտահոգ` Վիրաւորներով – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Արսենալ ակումբէն 6 մարզիկներ դուրս մնացին իրենց ազգային խումբերէն` վիրաւորուելէ ետք իրենց վերջին մրցումներուն:

Պրազիլցի յետսապահ Կապրիէլ Մակալհայս եղաւ 6-րդ մարզիկը, որ ծունկի ցաւեր ունենալով մաս պիտի չկազմէ ազգային խումբի երկու մրցումներուն` Ֆրանսայի եւ Խրուաթիոյ դէմ:

Կապրիէլ մասնակցեցաւ Մանչեսթըր Սիթիի դէմ «Քարապաօ» բաժակի («Ի. Էֆ. Էլ. բաժակ) աւարտականի մրցումին, բայց մրցումի աւարտին ծունկի սուր ցաւեր ունէր: Նկարուելէ ետք ի յայտ եկաւ, թէ ան հանգիստի պէտք ունի:

Իր խմբակից Ուիլիամ Սալիպա իր կարգին պիտի բացակայի Ֆրանսայի բարեկամական մրցումներէն, նոյն պատճառով:

Անգլիոյ ազգային խումբի միջնապահ Էպերեչի Էզէ, որ նկատի առնուած էր Թոմաս Թուխելի 35 մարզիկներուն կարգին, մկանի ցաւի պատճառով ստիպուեցաւ քաշուիլ: Ան վիրաւորած էր իր ոտքի մկանը` «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին եւ արդէն իսկ բացակայած էր աւարտական մրցումին` Սիթիի դէմ:

Արսենալի խմբակից Պեն Ուայթ զինք փոխարինած էր ազգային խումբին մէջ: Արսենալի ծայրի յառաջապահ Լէանտրօ Թրուար իր կարգին պիտի չմասնակցի Պելճիքայի մրցումներուն` Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիքոյի դէմ: Խմբապետ Մարթին Օտեկարտ ծունկէն վիրաւոր ըլլալով արդէն իսկ դուրս մնացած էր Նորվեկիոյ կազմէն, մինչ Նետերլանտներու յետսապահ Եուրիեն Թիմպեր իր կարգին վիրաւոր է:

Արսենալ, որ կը պայքարի շահելու «Փրեմիեր լիկ»-ի իր առաջին տիտղոսը 22 տարի ետք, 9 կէտերով առաւելութիւն ունի Մանչեսթըր Սիթիի վրայ, որ մրցում մը նուազ կատարած է:

«Ի. Էֆ. Էլ.» բաժակը կորսնցնելէ ետք Մանչեսթըր Սիթիի դէմ (0-2), Արսենալ «Էֆ. Էյ.» բաժակի քառորդ աւարտականին գծով պիտի մրցի Սաութհեմփթընի դէմ, ապա 3 օր ետք` Սփորթինկ Լիզպոնի դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով:

«Փրեմիեր լիկ»-ի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Պորնմաութ (11 ապրիլին):

 

 

 

Leave a Comment