Հայաստանի սուսերամարտի հաւաքականի ներկայացուցիչ Տարիա Մալիշեւա դարձաւ Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու պրոնզէ մետալակիր:
Եւրոպայի երիտասարդներու բաժակի մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ Փրակայի մէջ (Չեխիա), եւ Ռոպիրա մրցաձեւի մրցումներուն Մալիշեւա խմբային զտումի մրցումներուն 5 յաղթանակներ ձեռք ձգելով հաստատ քայլերով հասաւ փլէյ օֆ:
Նաք-աութի մրցումներուն ան դուրս ձգեց Գերմանիոյ երկու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Չեխիոյ ներկայացուցիչը:
Կիսաւարտականին Հայաստանի ներկայացուցիչ սուսերամարտիկը պարտուեցաւ մրցաշարքի աւելի ուշ յաղթականին` Ճորճիա Ռուտէի դէմ մրցումին` շահելով պրոնզէ մետալը:
Այս արդիւնքը շատ կարեւոր ձեռքբերում է հայկական սուսերամարտին համար միջազգային ասպարէզին մէջ:
Տարիս Մալիշեւա Հայաստանի հաւաքականը կը ներկայացնէ 2024-էն ի վեր: Ան աւելի կանուխ փորձած էր նուաճել 2024-ի Ողիմպիական խաղերու ուղեգիր: