Միջինարեւելեան պատերազմին վերջ դնելու նպատակով աշխուժացած ըլլալ կը թուին միջնորդական առաքելութիւնները: Անգարա – Սէուտական Արաբիա գիծին վրայ խօսակցութիւններէն մինչեւ Գահիրէի առած դիւանագիտական քայլերը բազմաթիւ երկիրներու ուղղութեամբ այդ առաջադրանքի մասին կը յուշեն:
Ուշագրաւը այն է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը իրար հակասող յայտարարութիւններէ ետք կը հաստատէ, որ երկխօսութիւն կայացած է Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ, դրական որակելով զայն: Մինչ Իրան կը հերքէր նման տեղեկութիւններ, Ուաշինկթըն հնգօրեայ ժամկէտի մասին կը խօսէր, նոյնիսկ անկէ աւելի առաջ Իրանէն ակնկալելով բանակցային նախագիծի շուրջ համաձայնիլ:
Այս բոլորին մէջ պարզը այն է, որ Ուաշինկթըն պատերազմական դադարի, կանգառի, զինադուլի կամ ընդհանուր ելք գտնելու մասին կը խորհի: Կան յոխորտանքային յայտարարութիւններ, Իրանի ամբողջ ռազմական կարողականութիւնը չէզոքացուցած, հիւլէական համակարգերը կազմաքանդած ըլլալու եւ ուժանիւթային ոլորտին եւ Իրանի համար կենսաճանապարհային նշանակութիւն ունեցող կէտերու վրայ վերահսկողութիւն հաստատած ըլլալու առումներով:
Ռազմագիտական դիտանկիւնով Հորմուզի նեղուցի կամ Խարք կղզիի կարգավիճակի փոփոխութիւն չ՛երեւիր: Իսկ եթէ ուժանիւթային ոլորտի վրայ նոր վերահսկողութեան հարցը տակաւին յստակացած չէ, այդ կը նշանակէ, որ ենթադրեալ բանակցային հանգոյցը անոր կը վերաբերի:
Մինչեւ պատերազմին բռնկումը բանակցային օրակարգի կէտերը հիւլէական թղթածրարն էր, իրանեան փրոքսիներն ու հեռահար հրթիռներու արտադրողականութիւնն էին: Հիւլէականին առումով, Թեհրան բազմիցս յայտարարած է, որ խաղաղ նպատակի համար օգտագործելի է իր հիւլէական համակարգը եւ որեւէ կերպ մտադիր չէ հիւլէականի ռազմականացումին: Փրոքսի կէտերը` Կազայէն Իրաք, Եմէնէն Սուրիա եւ Լիբանան արդէն նախկին դրուածքը չունէին: Հեռահար հրթիռներու արտադրողութեան կասեցումը կը շարունակէր քննարկելի նիւթ մնալ:
Հիմա, այդ բոլորը կրնան վերափոխուիլ: Սակայն եթէ առանց արմատական փոփոխութեան, ա՛յս պայմաններուն մէջ սկսին բանակցութիւնները, կ՛արձանագրուին քանի մը դիտարկումներ:
– Բանակցութիւնները Իրանի կողմէն կը վարեն ներկայ վարչակարգի ներկայացուցիչները: Այդ կը նշանակէ, որ Իրանի մէջ չէ իրականացուած պահանջուած վարչակարգի փոփոխութիւնը:
– Իրանը շարունակած է պահպանել իր տարածքային ամբողջականութիւնը: Չէ իրականացած Իրանի մասնատումը:
– Հակառակ նախաբռնկումի քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցերուն, պատերազմի ժամանակ ընդհանրապէս միաւորուած մնացած է հասարակութիւնը:
– Քրտական գործօնէն եւ ազգաբնակչութենէն ակնկալուած շարժումը չէ խմորուած, եւ անջատողական քայլեր չեն արձանագրուած:
Այս հանգամանքներով եւ դրուածքով Թեհրան-Ուաշինկթըն բանակցութիւններու ձեռնարկումը կ՛անհանգստացնէ Իսրայէլը: Այս նախաբանակցային հանգրուանի առկայութեամբ ալ կը բացատրուի Թել Աւիւի կողմէ դէպի Լիբանան յարձակումներու սաստկացումը կամ ուղղակիօրէն հարաւային Լիբանանի անջատման կամ բռնակցման գործողութիւններու սանձազերծումը:
Ուաշինկթընի համար կը թուի, որ ո՛չ վարչակարգի փոփոխութիւնը, ո՛չ Իրանի ժողովրդավարացումը էական խնդիրներ են կամ հետապնդուած նպատակներ: Թրամփեան փիլիսոփայութեամբ պատերազմական գործողութիւններ ձեռնարկելը Իրանի դէմ տնտեսական ներդրում է, աւելի ուշ ուժանիւթի աղբիւրներու արտահանման ծրագիրներու վրայ իր գերշահոյթները ապահովելու: Գալիք բանակցութիւններուն հիմնական կէտը այս կրնայ ըլլալ, որուն դիմաց Իրան պիտի պահանջէ իր պատժամիջոցներու ամբողջական վերացում կամ տնտեսական կատարեալ ապաշրջափակում: Այս բոլորին մէջ Իսրայէլի նպատակն է հասնիլ Լիթանի եւ տիրապետել ջրային պաշարներու: Այստեղ հնգօրեայ ժամկէտը շատ նեղ է սակայն:
Եթէ Ուաշինկթըն Հորմուզի գերշահոյթներուն իր ուզած մասնաբաժինը ստանայ, Իսրայէլի անվտանգային խնդիրները նոյն առաջնահերթութիւնները կրնան չունենալ:
«Ա.»