Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտնեց, որ Ռուսիոյ հետ պատերազմին վերջ տալու համար Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ:
Նշենք, որ Ռուսիոյ հետ պատերազմին վերջ տալը նպատակ մըն է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 14 ամիս առաջ իր պաշտօնի ստանձնման պահուն խոստացած էր իրագործել:
Ուիթքոֆ յայտարարեց, որ Ֆլորիտայի մէջ երկու օր տեւած բանակցութիւնները կեդրոնացած են «բացերու յաւելեալ կրճատման եւ առկախ հարցերու կարգաւորման վրայ, եւ մարդասիրական հիմնական հարցերուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ»: