Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը գրեց. «Նախագահ Թրամփին պատերազմի սկիզբին ներկայացուցած նպատակները չքացան եւ վերածուեցան «քարիւղի ազատագրում»-ի»:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց. «Իրանեան վարչակարգի ներսէն փուլ գալու վերաբերեալ Մոսատի խոստումները առանց իրագործելու պատերազմի սկիզբէն երեք շաբաթ անցնելէն ետք Նեթանիահուի գրասենեակին մէջ յուսախաբութիւն կը տիրէ»:
Օրաթերթը նաեւ կը գրէ. «Նեթանիահու յաջողեցաւ Թրամփը համոզել, թէ Իրանի մէջ «ժողովրդային յեղափոխութիւն»-ը իրատեսական նպատակ մըն է, որ օդային ռմբակոծումի ճնշումին տակ իրագործելի է»:
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց. «Մոսատի պետ Տաւիտ Պեռնիահ պատերազմէն առաջ Նեթանիահուին ներկայացուց Իրանի մէջ ներքին ըմբոստութիւն յառաջացնելու ծրագիր մը»:
Իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ին յայտնեցին, որ պատերազմին վերջ տալու բեմագրութիւններէն մէկը յարձակումներու կրճատման դիմաց Իրանի Հորմուզի նեղուցը բանալն է: Մենք կը նախընտրենք, որ պատերազմը շարունակուի, սակայն կ՛ընենք այն, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կ՛որոշէ, եւ այդ մէկը պիտի գիտնանք, երբ անոր ճշդած պայմանաժամը աւարտի»:
«Մետասաներորդ պահուն համաձայնութիւն մը չենք բացառեր, սակայն եթէ այդ մէկը տեղի չունենայ, ականատես պիտի դառնանք մագլցումի մը, որ ամիսներու վրայ պիտի երկարի», նշեցին պաշտօնատարները:
Նշենք, որ Թրամփ ուրբաթ օր «Թրութսոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրած էր. «Մենք շատ մօտ ենք մեր նպատակներուն հասնելուն, որովհետեւ կը մտածենք Միջին Արեւելքի մէջ Իրանի ահաբեկչական վարչակազմին դէմ մեր մեծ զինուորական ջանքերը աստիճանաբար դադրեցնելու մասին»:
Թրամփ նշած է այդ նպատակները` ամբողջութեամբ թուլացնել Իրանի հրթիռային կարողութիւնները, արձակման վայրերն ու անոնց հետ առնչուած ամէն ինչ, ոչնչացնել Իրանի պաշտպանական արդիւնաբերական ենթակառոյցը, վերացնել անոր ծովուժն ու օդուժը, ներառեալ հակաօդային պաշտպանութեան միջոցները, երբեք չարտօնել, որ Իրան նոյնիսկ մօտենայ հիւլէական կարողութեան եւ միշտ գտնուիլ այնպիսի դիրքի վրայ, որ Միացեալ Նահանգները կարենան արագ եւ հզօր արձագանգել նման կացութեան, եթէ անիկա յառաջանայ, բարձր մակարդակով պաշտպանել մեր միջինարեւելեան դաշնակիցները, ներառեալ Իսրայէլը, Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Պահրէյնը, Քուէյթը եւ ուրիշները:
«Հորմուզի նեղուցը պէտք է, անհրաժեշտութեան պարագային, հսկուի եւ վերահսկուի զայն օգտագործող միւս երկիրներուն կողմէ. Միացեալ Նահանգները զայն չեն օգտագործեր: Եթէ դիմեն, մենք այդ երկիրներուն Հորմուզի հարցին մէջ պիտի օգնենք, սակայն ատիկա անհրաժեշտ պիտի չըլլայ, երբ Իրանի սպառնալիքը վերացուի: Կարեւոր է նշել, որ ատիկա իրենց համար պիտի ըլլայ զինուորական դիւրին գործողութիւն», գրած էր Թրամփ:
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը մէջբերելով երկու աղբիւրներ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլի եւ այլ պետութիւններու յայտնեցին, իրանեան Խարք կղզիին վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու համար ցամաքային գործողութեան մը այլընտրանք գոյութիւն չունի:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը գրեց. «Իսրայէլի կարծիքով, յաղթանակի տանող ճամբան Խարք կղզիին տիրելէն կ՛անցնի»:
«Սքայ Նիուզ» նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ դաշինքին մէջ համատարած քաոս է, եւ Իսրայէլ ինքնագլուխ կերպով կը գործէ` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը կորսնցնէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի վրայ վերահսկողութիւնը, եւ ռազմավարութեան նկատմամբ տարակարծութիւնը հսկայական է:
Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Այս Շաբաթ Պիտի Շարունակուին
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Անցնող երկու օրուան ընթացքին Իրանի հետ կատարեցինք բանակցութիւններ, որոնք լաւ էին ու չափազանց արդիւնաւէտ»` աւելցնելով. «Իրանի վերաբերեալ բանակցութիւնները այս շաբաթ պիտի շարունակուին»:
«Հիմնուելով այս խոր, մանրամասն ու շինիչ բանակցութիւններուն բնոյթին ու ոճին վրայ, եւ որոնք ամբողջ շաբաթ մը պիտի շարունակուին, պատերազմի նախարարութեան ցուցմունք տուի հինգ օր տեւողութեամբ յետաձգելու իրանեան ուժանիւթի կայաններուն եւ ուժանիւթի ենթակառոյցներուն դէմ որեւէ եւ բոլոր հարուածները, եւ ատիկա կախեալ է ընթացող ժողովներէն ու քննարկումներէն», յայտարարեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Անոնք մեզի հետ կապ հաստատեցին, ես կապ չհաստատեցի», նշեց ան` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգները Իրանի մէջ կը խօսին բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը հետ, որ գերագոյն հոգեւոր պետը չէ»:
«Եթէ Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյանայ, ատիկա անոր եւ շրջանին համար հոյակապ սկիզբ մը պիտի ըլլայ», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Իսրայէլ չափազանց ուրախ պիտի ըլլայ մեր ձեռք բերածով, եւ Իրան պէտք է հրաժարի իր հարստացուած իւրանիոմի պահեստէն», նշեց Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ նշեց. «Խամենէին սպաննուեցաւ, եւ անոր որդիին` Մոջթաբայի ճակատագիրը յստակ չէ, եւ զինք Իրանի իրողական ղեկավարը չեմ նկատեր: Իրանի հետ համաձայնութեան գոյացման պարագային պիտի երթանք հարստացուած իւրանիոմը անձամբ ստանձնելու»:
«Անոնք համաձայն գտնուեցան հիւլէական զէնք չունենալու», աւելցուց Թրամփ:
«Թերեւս Իրանի մէջ գտնենք Վենեզուելայի մէջ անցումային նախագահին նմանող անձ մը, որուն հետ աշխատինք», ըսաւ ան:
Թրամփ ակնարկեց Իրանի հետ 15 կէտերէ բաղկացած համաձայնութեան մը` նշելով, որ «գլխաւոր կէտերու շուրջ» համաձայնութիւն կայ, եւ շեշտեց, որ Թեհրան պէտք է հրաժարի իր հիւլէական ախորժակներէն ու հարստացուած իւրանիոմի պահեստներէն:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնեց. «Թուրքիան, Եգիպտոսն ու Փաքիստանը Իրանի եւ Ամերիկայի միջեւ պատգամներ փոխանցեցին: Միջնորդութիւնը կը շարունակուի, յառաջընթաց կ՛արձանագրուի, եւ քննարկումը պատերազմին վերջ տալու եւ առկախ հարցերու շուրջ է»:
Պաշտօնատարը յայտնեց, որ Եգիպտոսի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարները անջատ բանակցութիւններ ունեցած են ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Կը հերքենք Միացեալ Նահանգներու նախագահի ընթացող բանակցութիւններու գոյութեան մասին յայտարարութիւնները եւ կը վերահաստատենք մեր պատերազմական նպատակներու իրագործումէն առաջ որեւէ բանակցութեան մերժումը»:
Բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց. «Ուաշինկթընի հետ բանակցող իրանեան կողմը խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Քալիպաֆն է»: Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը իր կարգին նշեց. «Ամերիկացի պատուիրակներ Ուիթքոֆ եւ Քուշներ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆի հետ կը բանակցին»:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց. «Միջնորդ երկիրները կը փորձեն այս շաբաթ Իսլամապատի մէջ Քալիպաֆի, Ուիթքոֆի, Քուշների եւ Վանսի միջեւ ժողով մը գումարել»:
Իրանի խորհրդարանի նախագահը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ որեւէ բանակցութիւն տեղի չունեցաւ»:
Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր նշեց, որ իրենք տեղեակ էին Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւններէն:
Նեթանիահու. «Աշխատանք Կը Տանիմ Իրանի Հետ Վատ Համաձայնութիւն Մը Ձախողութեան Մատնելու»
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Աշխատանք կը տանիմ Իրանը հասցնելու տեղեր, ուր չէր, ուր ան վարը ըլլայ, իսկ մենք` վերը»:
Պատասխանելով Քնեսեթի մէջ տեղեկահաւաքի յանձնախումբի նախագահի պահանջին, որ ան ձախողութեան մատնէ «Իրանի հետ վատ համաձայնութիւն մը», Նեթանիահու ըսաւ. «Ատոր վրայ կ՛աշխատինք»:
Օման. «Մեծ Ջանք Կը Թափենք Հորմուզի Նեղուցէն Անվտանգ Անցքը Ապահովելու Համար»
Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պըն Համատ Պուսայիտի յայտնեց, որ իր երկիրը մեծ ջանք կը թափէ Հորմուզի նեղուցէն անվտանգ անցքը ապահովելու համար:
Ան զգուշացուց, որ պատերազմը իրապէս կը պատճառէ տնտեսական ընդարձակ վնասներ, որոնք պատերազմի շարունակման պարագային կրնան վատթարանալ:
Օմանեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ հակամարտութիւնը, անկախ Իրանի նկատմամբ դիրքորոշումէն, Թեհրանի ստեղծածը չէ:
Յիշեցնենք, որ Օման Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններուն միջնորդն էր, նախքան 28 փետրուարին Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի կողմէ օդային յարձակումի շղթայազերծումը:
Թրամփ. «Մօտ Օրէն Պիտի Տեսնէք, Թէ Ուժանիւթի Կայաններուն Ի՛նչ Պիտի Պատահի»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Իրանի մէջ ուժանիւթի կայաններուն ուղղած վերջնական զգուշացումիս արդիւնքը հոյակապ պիտի ըլլայ, եւ ատիկա մօտ օրէն պիտի տեսնէք»:
Թրամփ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին յայտնեց, որ Իրանի մէջ ամբողջական քանդում կայ, եւ ատիկա «հոյակապ ազդեցութիւն պիտի ունենայ»:
«Իրան ամբողջ 47 տարի չափազանց վատ էր, եւ այսօր իր արժանի պատիժին կ՛արժանանայ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը քննադատեց Իրանի նկատմամբ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններու «վարմունք»-ը եւ ըսաւ. «ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւնները ոչինչ կ՛ընեն, եւ ատիկա շատ ցաւալի է»:
Թրամփ նախապէս սպառնացած էր հարուածել Իրանի մէջ ուժանիւթի կայանները, եթէ 48 ժամուան ընթացքին Հորմուզի նեղուցը չբանայ, իսկ Թեհրան սպառնացած էր լայնածաւալ կերպով հակադարձել եւ հարուածել շրջանին մէջ կազի եւ քարիւղի կառոյցներն ու ամերիկեան շահերը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի, անդրադառնալով Թրամփի ճշդած պայմանաժամին, յայտնեց. «Հորմուզի նեղուցը փակ չէ, եւ նաւերը կը տատամսին անցնիլ, որովհետեւ ապահովագրական ընկերութիւնները կը վախնան պատերազմէն, որ դուն ծագեցուցիր, եւ ոչ թէ` Իրանը»:
«Ո՛չ որեւէ ապահովագրական ընկերութիւն, ո՛չ ալ ոեւէ իրանցի յաւելեալ սպառնալիք պիտի ընդունին: Յարգանքը փորձեցէ՛ք», աւելցուց ան:
«Առանց ազատ առեւտուրի ազատ նաւարկում չկայ: Երկուքն ալ յարգեցէ՛ք, կամ ալ անոնցմէ որեւէ մէկը մի՛ սպասէք», շեշտեց Արաղչի:
Թրամփ պատասխանելով Արաղչիի յայտարարութեան, թէ Իրան ուժանիւթի կայանները հարուածելու սպառնալիքներուն առջեւ պիտի չընկրկի ըսաւ. «Պիտի տեսնենք, որ ճի՞շդ է, թէ՞ ոչ»:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ արաբական պետութիւնները Միացեալ Նահանգներու նախագահը զգուշացուցած են Իրանի մէջ ուժանիւթի կայարանները հարուածելէ` շեշտելով, որ ատիկա կրնայ շրջանին մէջ ուժանիւթի եւ ջուրի անվտանգութիւնը ենթարկել մեծ վտանգի:
Այդ պետութիւնները նշած են, որ որեւէ այդպիսի յարձակում կրնայ յանգեցնել վրիժառական հակադարձութիւններու, որոնք շրջանին մէջ կենսական ենթակառոյցները, ներառեալ ուժանիւթի եւ ծովու ջուրի աղազրկման կառոյցները կրնան վտանգել:
Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր նշեց. «Հորմուզի նեղուցի հարցը կարիքը ունի մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան ու գործադրելի ծրագիրի, եւ առաջնահերթութիւնը մեր շահերու պաշտպանութիւնն է»:
Քրեմլին. «Հիւլէական Կայաններու Թիրախաւորումը Կը Պարունակէ Ծանր Հետեւանքներ, Զորս Կարելի Չէ Դարմանել»
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով շեշտեց. «Պէտք է Իրանի մէջ կացութեան քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծումի հասնիլ»:
«Ռուսիան Իրանի մէջ Պուշահր հիւլէական կայանին հարցով Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ տեւական երկխօսութեան մէջ է»:
«Հիւլէական կայաններու թիրախաւորումը կը պարունակէ ծանր հետեւանքներ, զորս կարելի չէ դարմանել», ընդգծեց Փեսքով:
«Միայն քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծումը կրնայ ազդու կերպով նպաստել Միջին Արեւելքի մէջ աղէտալի կերպով լարուած կացութեան հանդարտեցման», յայտնեց Քրեմլինի բանբերը:
Ծերակոյտի Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավար. «Պատերազմը Դադրեցուցէ՛ք»
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի վերին պալատին` Ծերակոյտին մէջ դեմոկրատականներու ղեկավար, ծերակուտական Չաք Շումըր մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի Իրանի վերաբերեալ «կրնայ ըլլալ, որ ծրագիր մը ունիմ, կրնայ ըլլալ` չունիմ» յայտարարութիւնը նշեց. «Կեանքերը վտանգուած են, տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ կը մսխուին, պենզինի կալոնի միջին գինը հիմա 3,94 տոլար է, եւ ա՞յդ ունի միայն ըսելիք»:
Ան յայտնեց, որ Ծերակոյտի նոյնիսկ կարգ մը հանրապետական ծերակուտականները հրապարակաւ կը խոստովանին, թէ չեն հասկնար, թէ վարչակազմը Միջին Արեւելքի մէջ ի՛նչ կ՛ուզէ ընել»:
«Այս պատերազմը դադրեցուցէ՛ք», յայտարարեց ծերակուտական շումըր:
Վելայաթի. «Արաբ Ղեկավարները Պէտք Է Թրամփին Հասկցնեն, Թէ Ծոցը Բախտախաղի Վայր Չէ»
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի քաղաքական հարցերու խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթի յայտնեց, որ արաբ ղեկավարները պէտք է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին հասկցնեն, թէ Ծոցը բախտախաղի վայր չէ:
«Ամերիկայի տգէտ նախագահը իրանցի ժողովուրդին սպառնաց երկրին մէջ ելեկտրականութեան ենթակառոյցները հարուածել: «Խաւար շրջան»-ի բեմագրութիւնը արգիլելու համար, արաբական պետութիւններու ղեկավարները պէտք է Թրամփին հասկցնեն, թէ Ծոցը բախտախաղի վայր չէ»:
Իրանեան ապահովական մարմիններէն աղբիւր մը ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թեհրան անհամաչափ եւ բազմապատիկը աւելի ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ, եթէ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը Իրանի մէջ կենսական ենթակառոյցներ թիրախաւորեն:
Փեքին. «Բոլոր Կողմերը Կը Յորդորենք Զինուորական Գործողութիւնները Դադրեցնելով Բանակցութիւններու Վերադառնալ»
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անդրադառնալով Չինաստան ուղղուող քարիւղատարներու Հորմուզի նեղուցէն անվտանգ անցնելուն, յայտարարեց, թէ Փեքին կը պահպանէ ներկայ կացութեան վերաբերեալ բոլոր կողմերուն հետ հաղորդակցութիւնը:
Անդրադառնալով Հորմուզի նեղուցի մէջ տիրող կացութեան, նախարարութիւնը նշեց, որ Չինաստան բոլոր կողմերը խստիւ կը յորդորէ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները եւ վերադառնալու բանակցութիւններուն:
«Եթէ պատերազմի ծիրի ընդլայնումը շարունակուի, ապա ամբողջ շրջանը ուժի կիրարկման պատճառով մուտք պիտի գործէ դատարկ շրջանակի մէջ», յայտնեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` նշելով, որ բոլոր կողմերը պէտք է արգիլեն շրջանային տագնապներու համաշխարհային տնտեսութեան վրայ ազդեցութիւնը:
Տնտեսական Հետեւանքներ
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը, մէջբերելով ապրանքներու տուեալներու մէջ մասնագիտացած «Քեփլըր» ընկերութիւնը, կը հաղորդէ, որ Հորմուզի նեղուցէն անցնող նաւերու թիւը պատերազմէն առաջ շաբաթական 100 նաւէն մինչեւ հիմա նուազած է շաբաթական 7-ի:
Ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գործադիր տնօրէն Ֆաթիհ Պիրոլ զգուշացուց, որ աշխարհը Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմին հետեւանքով տասնամեակներէ ի վեր իր յոռեգոյն ուժանիւթի տագնապը կը դիմագրաւէ` ընդգծելով, որ կացութիւնը «շատ վտանգաւոր է»:
«Մինչեւ հիմա օրական 11 միլիոն տակառ կորսնցուցինք, այսինքն` անցեալ դարու եօթանասունական թուականներու քարիւղի երկու գլխաւոր տագնապներու ընթացքին մեր ընդհանուր կորուստներէն աւելին», նշեց ան:
«Օրին այդ տագնապներէն իւրաքանչիւրին ընթացքին աշխարհը օրական շուրջ 5 միլիոն տակառ կորսնցուց, այսինքն` օրական 10 միլիոն տակառ, եթէ երկու տագնապները միասնաբար հաշուենք», ըսաւ Պիրոլ:
«Շրջանային 9 պետութիւններու մէջ առնուազն 40 ուժանիւթի կառոյց մեծապէս կամ չափազանց մեծ չափով վնասուեցաւ», նշեց Ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան թուրք տնօրէնը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Իրանի ուժանիւթի կայաններուն դէմ հարուածներու յետաձգումը յայտարարելէն ետք քարիւղի գինը նուազեցաւ:
«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Թրամփի Իրանի հետ բանակցութիւններու մասին յայտարարութենէն ետք քարիւղի գինը 14 առ հարիւրով նուազած է: