Բագրատունի. «Յուսալից Կը Մնանք Հայրենիքին Նկատմամբ Մեր Միասնական Կառչածութեամբ»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ Ֆիթրի տօնին առիթով ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց շնորհաւորական հետեւեալ գրառումը:

«Օրհնեալ Ֆիթրի տօն բոլոր լիբանանցիներուն` մեր երկրին եւ շրջանին անցած դժուարին պայմաններուն մէջ: Յուսալից կը մնանք ձեր կորովով եւ գոյատեւման կամքով, ինչպէս նաեւ մեր հայրենիքին նկատմամբ կառչածութեամբ: Թող այս տօնը Լիբանանին բերէ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն»:

Leave a Comment