Ռիատի Նախարարաց Ժողովը Դատապարտեց Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը

Ազրպէյճանի, Պահրէյնի, Եգիպտոսի, Յորդանանի, Քուէյթի, Լիբանանի, Փաքիստանի, Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարները չորեքշաբթի գիշեր Ռիատի մէջ գումարեցին իրանեան յարձակումներուն շուրջ նախարարական խորհրդակցական հանդիպում մը:

Նախարարները իրենց հանդիպումի աւարտին միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով «իրենց դատապարտումն ու մերժումը արտայայտեցին թեւաւոր հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով իրանեան այս դիտաւորեալ յարձակումներուն, որոնք թիրախաւորեցին բնակելի շրջաններ, քաղաքային ենթակառոյցներ, ներառեալ քարիւղի կառոյցներ, ջուրի աղազրկման կայաններ, օդակայաններ, բնակարանային կառոյցներ եւ դիւանագիտական կեդրոններ»:

«Այս յարձակումները կարելի չէ որեւէ պատրուակով կամ որեւէ ձեւով արդարացնել», նշեցին նախարարները` շեշտելով իւրաքանչիւր պետութեան ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածի հիմամբ ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքը:

Ժողովին մասնակիցները Իրանէն պահանջեցին «իբրեւ մագլցումի դադրեցման եւ շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան իրագործման, ինչպէս նաեւ տագնապներու լուծման համար դիւանագիտութեան կիրարկման ուղղութեամբ առաջին քայլ, անմիջապէս դադրեցնել իր յարձակումները եւ յարգել միջազգային օրէնքը, միջազգային մարդասիրական օրէնքն ու բարի դրացնութեան սկզբունքը»:

Անոնք ընդգծեցին, որ «Իրանի հետ յարաբերութիւններու ապագան կախեալ է պետութիւններու գերիշխանութեան յարգումէն, անոնց ներքին հարցերուն չմիջամտելէն, որեւէ ձեւով անոնց գերիշխանութեան ու հողերուն դէմ ոտնձգութիւն չկատարելէն եւ իր զինուորական կարողութիւններն ու անոնց զարգացումը շրջանի պետութիւններուն սպառնալու համար չօգտագործելէն»:

«Անհրաժեշտ է, որ Իրան գործադրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2817 (2026) որոշումը, անմիջապէս դադրեցնէ բոլոր յարձակումները, ետ կանգնի որեւէ գրգռիչ արարքէ կամ սպառնալիքէ, որոնք ուղղուած են մերձակայ պետութիւններուն, դադրեցնէ արաբական երկիրներուն մէջ իր կից միլիսներուն աջակցիլը, ֆինանսաւորելն ու զինելը, ինչ որ Իրան կ՛ընէ իր սեփական նպատակներուն ծառայելու եւ այդ պետութիւններու շահերուն հակառակ: Իրան պէտք է դադրի որեւէ քայլէ կամ սպառնալիքէ, որուն նպատակը Հորմուզի մէջ միջազգային նաւարկումը արգելափակելը կամ խոչընդոտելն է, կամ սպառնալ Պապ Մանտեպի մէջ ծովային անվտանգութեան», ընդգծեցին անոնք:

Ռիատի խորհրդակցական ժողովին մասնակից արտաքին գործոց նախարարները նաեւ յայտարարեցին, որ կ՛աջակցին լիբանանեան հողերու անվտանգութեան, Լիբանանի կայունութեան ու հողային ամբողջականութեան, իր բոլոր հողերուն վրայ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան կեանքի կոչման, ինչպէս նաեւ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու լիբանանեան կառավարութեան որոշումին:

Նախարարները դատապարտեցին «Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումն ու շրջանին մէջ Իսրայէլի ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը»:

Ազրպէյճանի, Պահրէյնի, Եգիպտոսի, Յորդանանի, Քուէյթի, Լիբանանի, Փաքիստանի, Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարները վերահաստատեցին իրենց վճռակամութիւնը «շարունակելու այս առնչութեամբ իրենց աշխուժ խորհրդակցութիւնն ու համակարգումը, հետեւելու զարգացումներուն եւ գնահատելու զարգացումները, ինչ որ կը նպաստէ միացեալ դիրքորոշման բիւրեղացման եւ որդեգրելու անհրաժեշտ օրինական միջոցառումներն ու քայլերը` պաշտպանելու համար իր անվտանգութիւնը, կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ դադրեցնելու իրենց հողերուն վրայ իրանեան յարձակումները»:

 

Leave a Comment