Բրիտանիան Կը Զօրակցի Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւններուն

Բրիտանական կառավարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի բանբեր Ճոսլին Ուոլըր Լիբանանի մէջ տեղի ունեցողը որակեց «իսկական ողբերգութիւն»:

Ան ըսաւ, որ Լիբանան անգամ մը եւս կը ներքաշուի պատերազմի մը մէջ, որ անոր ժողովուրդը չ՛ուզեր:

Ուոլըր նշեց, որ իր երկիրը սերտօրէն կ՛աշխատի իր եւրոպացի եւ ամերիկացի գործընկերներուն հետ նաւարկումի անվտանգութեան հաւաքական ծրագիր մը մշակելու համար` շեշտելով, որ այս թղթածրարը Լոնտոնի համար «ծայրայեղ առաջնահերթութիւն» կը ներկայացնէ:

Պատասխանելով «Նահար» օրաթերթի այն հարցումին, թէ արդեօք Բրիտանիան մտադի՞ր է Լիբանանի հարաւային սահմաններուն վրայ իր նպաստը զարգացնել, ինչպէս հսկողութեան աշտարակներու եւ զինուորական մարզումի ճամբով ըրաւ Սուրիոյ հետ սահմաններուն վրայ, ան ըսաւ, որ Բրիտանիան, որ լիբանանեան բանակին մարզումի եւ արեւելեան ու հիւսիսային սահմաններուն վրայ հսկողութեան աշտարակներու կառուցման ճամբով աջակցեցաւ, պիտի շարունակէ այս գործելաոճը` շեշտելով. «Լիբանանեան բանակը Լիբանանը միակ օրինական պաշտպանողն է»:

Ինչ կը վերաբերի այս աջակցութեան զարգացման` ներառելով Իսրայէլի հետ հարաւային սահմանները, բրիտանական կառավարութեան բանբերը առաջնահերթութիւն նկատեց մագլցման դադրեցումը` ընդգծելով, որ Բրիտանիան կ՛աշխուժացնէ իր գործընկերներուն հետ դիւանագիտական ջանքերը: Ան մատնանշեց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Իւեթ Քուփըրի լիբանանցի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ ունեցած հաղորդակցութիւնները:

Ան մատնանշեց, որ Լոնտոն իր մարդասիրական շտապ օժանդակութիւններուն արժէքը բարձրացուցած է 7,5 միլիոն սթերլինկի:

Բրիտանիոյ կառավարութեան բանբերը շեշտեց, որ իր երկրին կառավարութիւնը կը զօրակցի Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի` Պէյրութի եւ Թել Աւիւի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու կոչին, որովհետեւ «լուծումը դիւանագիտութիւնն է, եւ ոչ թէ` պատերազմը»:

 

 

Leave a Comment