«Էն. Պի. Էյ.» Թանտըրի 10-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, որ անցեալ տարի «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան դարձաւ, այս տարի ալ կրնայ կրկնել իր իրագործումը, եթէ անշուշտ պահէ իր կայուն ընթացքը:

Երէկ իր 69-րդ մրցումին, Օքլահոմա 113-108 արդիւնքով յաղթեց Օրլանտօ Մեճիքին` արձանագրելով իր 10-րդ յաջորդական յաղթանակը: Շէյ Կիլճիըս Ալեքսանտր 40 կէտեր նշանակեց, մինչ Օրլանտոյի Փաոլօ Պանչերոն 32 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Չարլոթ Հորնեթց 136-106 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մայեմի Հիթը: Լամելօ Պոլ 30 կէտ եւ 13 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Չարլոթի, մինչ Թայլըր Հերօ 20 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մայեմիի:

Սան Անթոնիօ Սփըրզ 132-104 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաքրամենթօ Քինկզը: Վիքթոր Ուեմպանեամա 18 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սփըրզի, որ իր 51-րդ մրցումը յաղթեց 69-րդ ելոյթին:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 117-130
Չարլոթ Հորնեթց – Մայեմի Հիթ 136-106
Օրլանտօ Մեճիք – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 108-113
Նիւ Եորք Նիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ 136-110
Միլուոքի Պաքս – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 116-123
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Ֆինիքս Սանզ 116-104
Սաքրամենթօ Քինկզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 104-132
Տենվըր Նակեթց – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 124-96

Leave a Comment