«Պունտըսլիկա»-ի 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով Պայերն Միւնիխ 1-1 արդիւնքով 1 կէտով հեռացաւ «Պայարենա» դաշտէն` Պայեր Լեւերքուզընի դէմ մրցումին:
Պայերն Միւնիխ, որ վիրաւորներու շարք մը ունի մանաւանդ բերդապահի դիրքին վրայ, դաշտ ներկայացաւ Ցվեն Ուլրիխի հետ (34-րդ տարեկան), որ երրորդ բերդապահն է Մանուէլ Նոյըրի եւ Եոնաս Ուրպիկի ետին:
Ուրպիկ, Աթալանթայի դէմ (6-1) «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին գլխէն հարուած ստացած էր, մինչ նոյն մրցումին վիրաւորուած էին նաեւ տակաւին վերջերս ապաքինած Ժամալ Մուսխալան եւ Ալֆոնսօ Տէյվիսը, որ շատ հաւանաբար պիտի վերադառնան մինչեւ ապրիլի առաջին շաբաթը:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, Լեւերքուզըն աւելի լաւ սկսաւ եւ 6-րդ վայրկեանէն, կոլ ալ նշանակեց Ալեքս Կարսիայի շնորհիւ, որուն հարուածը դպնալէ ետք Լեւերքուզընի նախկին յետսապահ Եոնաթան Թահին, «խաբեց» բերդապահ Ուլրիխը: Պայերն, որ նախկին 7 մրցումներուն ետ մնացած էր կանուխ կոլ ստանալով, չէր պարտուած շարունակեց այդ շարքը, երբ Լուիս Տիաս 69-րդ վայրկեանին կրցաւ կոլ նշանակել` Օլիսէի փոխանցումէն ետք:
Սակայն պէտք է նշել, որ այս կոլէն առաջ բազմաթիւ կարեւոր դէպքեր եղան: 26-րդ վայրկեանին Պայերն կոլ մը նշանակեց շնորհիւ Թահի, բայց ՎԱՐ նկատած էր, որ գնդակը դպած էր անոր ձեռքին` կոլ նշանակելէ առաջ: 42-րդ վայրկեանին նոյնինքն ՎԱՐ միջամտած էր, երբ սենեկալցի յառաջապահ Նիքոլաս Ճեքսընի դեղին քարտը փոխարինուած էր կարմիրով:
Աւելի՛ն, Անգլիոյ յառաջապահ Հերի Քէյն դաշտ ներկայանալէ ետք շուտով կրցած էր կոլ նշանակել, բայց անոր կոլին պատրաստութեան մէջ ալ գնդակը դպած էր անոր ձեռքին, բան մը, որ նկատած էր ՎԱՐ-ը… Տիաս, որ վերջին վայրկեանին հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած էր եւ բարձր հարուածած (53-րդ վայրկեանին), կրցաւ օգտուիլ Ռոպերթ Անտրիշի սխալէն, ուր Օլիսէ գնդակը խլելով փոխանցած էր Տիասի, որ նշանակեց հաւասարութեան կոլը (69-րդ վայրկեանին):
Տիաս 74-րդ վայրկեանին դեղին քարտ մը ստանալէ ետք 10 վայրկեան ետ ֆաուլի ենթարկուեցաւ ու խստօրէն բողոքեց իրաւարարին եւ… կարմիր քարտ մը ստացաւ: 2001-էն ի վեր Պայերն Միւնիխէն 2 մարզիկներ կարմիր քարտ չէին ստացած:
Կրնանք ըսել, որ Պայերն արժանի չէր 1 կէտ շահելու, բայց աւելի ճիշդ է նաեւ ըսել, որ Լեւերքուզըն կորսնցուց 2 կէտեր: Ուլրիխ 6 առիթներէ փրկեց իր խումբը` դառնալով մրցումին լաւագոյն մարզիկը: Բ. դիրքը գրաւող Պորուսիա Տորթմունտ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աուկզպուրկը եւ 9 կէտերու նուազեցուց տարբերութիւնը` Պայերնի հետ:
18 տարեկան իտալացի յետսապահ Լուքա Ռեճիանի մրցանիշ մը ձեռք ձգեց` դառնալով ամէնէն կրտսեր իտալացին, որ «Պունտըսլիկա»-ի մէջ կոլ կը նշանակէ, մրցումի մը, ուր երկու եղբայրներ խմբապետի կապերը կը կրէին իրար միջեւ մրցումին:
Գերմանիոյ ազգային խումբի լաւագոյն յետսապահներէն Նիքօ Շլոթերպեք (26 տարեկան) կը մրցէր իր երէց եղբօր` Քեւենի դէմ, որ Աուկզպուրկի խմբապետն է: