Այն միջոցին, երբ Իսրայէլ կը շարունակէ կիրարկել Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Կազայի Խան Եունեսի վերածելու եւ Լիբանանը գոյութենական պատերազմի մղելու գործելակերպը, պաշտօնական Լիբանան իր գրաւը կը դնէ դիւանագիտութեան վրայ: Արդարեւ, նախագահ Ժոզեֆ Աուն վարչապետ Սալամի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ համախոհութեամբ վարած իր ջանքերուն մէջ լիայոյս է, որ այլազան մակարդակներու վրայ տարուող դիւանագիտական ճիգերը պիտի արդիւնաւորուին, եւ կացութիւնը բարւօք եզրայանգումի պիտի հասնի: Այս իմաստով, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի միջնորդութեան ճիգերուն, ապա Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարեհի ձեռնարկած լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ բազմակողմանի ճիգերուն զուգահեռ երէկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի Լիբանան ժամանումն ու անոր ցուցաբերած զօրակցութիւնն ու օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը կը նպաստեն դիւանագիտական ընտրանքին: Արդարեւ, աւելի քան տասը օրերէ ի վեր Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած իսրայէլեան պատերազմական գործողութիւնները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ գոյութենական կռիւի դէմ ճակատում: Փաստօրէն ապահովական ու զինուորական այս անյոյս մթնոլորտին մէջ վերջին օրերուն լիբանանեան եւ սուրիական սահմաններուն միջեւ պատահած զինեալ միջադէպը, ինչպէս նաեւ անցնող երկու օրերուն այսպէս կոչուած «Հայրենասէր սպաներու» հաղորդագրութիւնը այդքան ալ պատահական չէին եւ կը կրէին Լիբանանը ջլատելու անուղղակի պատգամ: Խորքին մէջ նշեալ դէպքերու սաստկացումն ու ծաւալումը կրնար Լիբանանը այնքան տկարացնել` զայն ստիպելով արտաքին ուժերու միջամտութեան դիմել, որ իրականանալու պարագային գաղութարարութեան մէկ նոր ներկայութիւնը կրնայ պատկերացնել: Այդպէս էր, որ Լիբանան 1975-ին եւ մօտ երկու տասնամեակներու բախումներով մարդկային զոհերու եւ աւերի շատ սուղ գին վճարեց, մինչեւ Թաէֆի համաձայնագիրին կնքումը հոկտեմբեր 1990-ին: Ներկայիս Իսրայէլ կը փորձէ նոյն ճակատագիրին վերածել Լիբանանը` աւերելով երկիրը իր զանազան շրջաններով, քանդելով ենթակառոյցները եւ ժողովուրդը մղելով լքելու իր հայրենիքը եւ արտագաղթելու: Հոսկէ` նախագահ Ժոզեֆ Աունի յամառ կեցուածքը Լիբանանը իր բանակի ջլատման փորձերով զինեալ բախումներու մէջ չներքաշելու եւ կառչած մնալու դիւանագիտական ճիգերու արդիւնաւորման ակնկալութեան:
Այս իմաստով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի երէկ Լիբանան կատարած այցելութիւնը զօրակցութեան ու տագնապի լուծման խոստմնալից քայլերու ցուցանիշ նկատուեցաւ լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ: Նմանապէս եւ եւրոպական թէ այլ ազդեցիկ պետութիւններու (Սուրիոյ կողքին` Ֆրանսա, Հռոմի պապը, Գերմանիա, Նորվեկիա եւ այլն) զօրակցական կոչերն ու միջամտութեան ճիգերը կ՛ամրագրեն դիւանագիտական ընտրանքի վարկածը: Աւելի՛ն, ՄԱԿ-ի պատասխանատուին այս քայլը ինքնին կրնայ անկիւնադարձային ըլլալ` նկատի ունենալով , որ ան կը ղեկավարէ աշխարհի շուրջ երկու հարիւր պետութիւններու համախմբումի հարթակը եւ անոր տուած որոշումները կրնան պարտաւորիչ ըլլալ «յանցաւոր» կողմին համար: Կութիերես Լիբանան կը ժամանէ այցելելէ ետք Թուրքիա, ուր ան պարգեւատրուած է Աթաթուրքի «խաղաղութեան շքանշան»-ով, իսկ Լիբանանէն ետք ՄԱԿ-ի պատասխանատուն պիտի այցելէ Իսրայէլ: Երկու երկիրներ, ուր անկախ տիրող լարուածութենէն, կրնան որոշիչ դեր ունենալ Միջին Արեւելքի հետագայ ճակատագիրի տնօրինման գծով:
Այս ակնկալութեամբ եւ դրական տրամաբանութեամբ երէկ Լիբանան դիմաւորեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը, որ պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով այցելեց իշխանութեան երեք պետերուն` նախագահ Ժոզեֆ Աունի, վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Այս առիթով ան Լիբանանին զօրակցելու եւ անոր օժանդակելու համատարած կոչով ելոյթ ունեցաւ ու այս գծով բացումը կատարեց 325 միլիոն տոլարի յատկացումին: Անոր այցելութեանց ժամանակացոյցին մէջ նկատի առնուած է նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն այցելութիւնը:
Այս գծով յստակ էր նախագահ Աունի կեցուածքը ՄԱԿ-ի պատասխանատուի նեկայութեան, երբ ան կ՛ըսէր. «Լաւագոյն լուծումը դիւանագիտական քայլերն են, եւ առանց օժանդակութեան կարելի չէ յանգիլ առաջադրուող լուծման: Մինչ Կութիերես պատերազմի դադրեցման կոչ ուղղելով կը շեշտէր. «Հիմա հզօր պետութեան ժամանակն է»: «Ես` իբրեւ Լիբանանի բարեկամ, եկած եմ անոր ճգնաժամային այս նեղ պահերուն իմ զօրակցութիւնս եւ օժանդակութեան պատրաստակամութիւնս յայտնելու», ընդգծած է Կութիերես:
Վարչապետ Սալամի Կոչը
Այս մթնոլորտին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ կոչ ուղղեց Լիբանանին անմիջական օժանդակութիւն տրամադրելու եւ փրկելու տեղահանուածներու կարիքներու հոգածութեան ճիգերը եւ վերակառուցելու աւերուած շրջանները:
Խրախուսիչ այս քայլերը արդիւնաւորումի կը սպասեն յառաջիկայ շաբաթներուն, եթէ ոչ օրերուն, երբ թշնամին շարունակելով իր թիրախաւորումները դարանակալ կը սպասէ յառաջիկայ օրերուն իր ազդարարած Լիբանան լայնածիր ներխուժման: