Կաթողիկոսարանը Մնայուն Կապի Մէջ Է Միջին Արեւելքի Այլ Համայնքներու Կարգին Իրանի Հայութեան Հետ

Երէկ եւս, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շարունակելով իր կապերը Միջին Արեւելքի մէջ հաստատուած մեր համայնքներուն հետ, հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսերեճեանի հետ: Յիշեալ շրջաններուն մէջ ընդհանուր անապահովութիւնն ու անորոշութիւնը կը շարունակուի:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ հեռաձայնային կապեր ստացաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանէն, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Յովսէփ Աւետեանէն եւ Նոր Ջուղայի առաջնորդական տեղապահ Արտաւազդ վրդ. Շարոյեանէն: Փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, վտանգալից կացութիւնը կը շարունակուի Իրանի բոլոր շրջաններուն մէջ: Նշենք, որ Թեհրանի թեմը կցեալ յայտարարութիւնը տարածած է` ուղղուած համայնքի անդամներուն:

Leave a Comment