Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսահիտի յայտնեց, որ իր երկիրը Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները պիտի չբնականոնացնէ եւ Խաղաղութեան խորհուրդին պիտի չմիանայ: Այս մասին հաղորդեց «Օման» օրաթերթը:
Օմանեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ շրջանին մէջ ներկայ պատերազմը իրանեան հիւլէական թղթածրարէն անդին կ՛անցնի եւ աւելի ընդարձակ քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէ:
Պուսահիտի օմանեան օրաթերթերու խմբագրապետներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Օմանը Խաղաղութեան խորհուրդին մաս պիտի չկազմէ, եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները պիտի չբնականոնացնէ` ընդգծելով շրջանի հարցերու նկատմամբ իր երկրի դիրքորոշման հաստատութիւնը:
Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի Իրանի դէմ շղթայազերծած պատերազմին նպատակը շրջանը վերաձեւաւորելն է, յարաբերութիւններու բնականոնացման թղթածրարը յառաջ մղելը եւ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման արգիլումը:
Օմանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատերազմի ճամբով աւելի մեծ զիջումներ պիտի չստանան, քան այն, ինչ որ պիտի ստանային բանակցութիւններու ճամբով:
Ան նշեց, որ վերջին բանակցութիւնները հասած էին յառաջադէմ փուլի, որ կը ներառէր ռումբի արտադրման համար օգտագործելի հիւլէական նիւթեր չարտադրելու իրանեան խոստումներ:
Պուսահիտի ըսաւ, որ Օմանը մերժած է պատերազմին նպաստող որեւէ աջակցութիւն տրամադրել` նշելով, որ Մասքաթի տրամադրելիք որեւէ դիւրութիւն պէտք է միայն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ բացայայտ միջազգային օրինականութեան հիմամբ պաշտպանութեան նպատակներու համար ըլլայ:
Օմանեան դիւանագիտութեան պետը զգուշացուց, որ պատերազմի շարունակութիւնը կրնայ քարիւղի գիներու բարձրացման եւ համաշխարհային մատակարարման շղթայի խանգարման յանգեցնել, ինչ որ ժխտական անդրադարձ պիտի ունենայ միջազգային տնտեսութեան վրայ:
Պուսահիտի հաւանական նկատեց, որ պատերազմը շուտով դադրի, սակայն միեւնոյն ժամանակ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է յոռեգոյն հաւանականութեան պատրաստուիլ` նշելով, որ Մասքաթ կը շարունակէ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ քաղաքական լուծումներու հոլովոյթին վերադառնալու իր դիւանագիտական ջանքերը: