Երեւանի Շենգաւիթ շրջանի ներքին Չարբախ թաղամասին մէջ պաշտօնապէս սկսաւ Արթուր Աբրահամի անուան մարզահամալիրի շինարարութիւնը:
Նախագիծը կ՛իրականանայ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ «Սփորթուըրլտ» հիմնադրամի սերտ համագործակցութեամբ: Անոր հովանաւորն է բռնցքամարտի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ:
Ապագայի մարզական կեդրոնը պիտի դառնայ շրջանի կարեւորագոյն ենթակառուցային նախագիծերէն մէկը: Նախաձեռնողներու մտայղացումով` համալիրը ուղղուած պիտի ըլլայ ոչ միայն արհեստավարժ մարզիկներուն, այլ նաեւ մարզանքի աշխարհի առաջին քայլերը առնող պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:
Առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը գրաւէ բռնցքամարտի զարգացման, բայց ենթակառուցային դրութիւնը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ այլ մենամարտներու մարզաձեւերու եւ ընդհանուր ֆիզիքական պատրաստութեան համար:
Նախագիծի նախաձեռնողները կ՛ընդգծեն, որ համալիրի կառուցումը ոչ միայն ներդրում է մարզական զարգացման մէջ, այլ կարեւոր քայլ է ներքին Չարբախի ընկերային յառաջդիմութեան համար:
Նոր կեդրոնը պիտի ստեղծէ լրացուցիչ կարելիութիւններ երիտասարդներու աշխուժ ժամանցի, առողջ ապրելակերպի խթանման, ինչպէս նաեւ ազգային եւ միջազգային մրցաշարքերու կազմակերպման համար:
Արթուր Աբրահամ, որուն անունը պիտի կրէ համալիրը, բազմիցս յայտարարած էր Հայաստանի մէջ մարզական զարգացման աջակցելու իր ցանկութեան մասին: Անոր համաձայն, Երեւանի վարչական շրջաններէն մէկուն մէջ ժամանակակից մարզական միջավայրի ստեղծումը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ երիտասարդ մարզիկներուն բացայայտելու իրենց ներուժը եւ հասնելու բարձր արդիւնքներու` համաշխարհային ասպարէզին մէջ: