Ըմբշամարտ. Այսօր Կը Սկսի Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւնը

Այսօր կը սկսի Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդներու (23 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը` Սերպիոյ Զրենիանին քաղաքին մէջ:

Այս ախոյեանութեան կը մասնակցին 37 երկիրներէ աւելի քան 400 ըմբիշներ: Մետալներ պիտի բաժնուին ազատ ոճի, աղջկանց եւ յունահռոմէական ըմբշամարտի ձեւերուն մէջ:

37 ազգային ֆետերասիոններու ներկայացուցիչներէն ամէնէն մեծ կազմերով պիտի ներկայանան Հայաստանը, Թուրքիան, Ուքրանիան, Ազրպէյճանն ու Ռուսիան, որոնք բոլոր կշիռներու մրցումներուն ալ ունին ներկայացուցիչներ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայաստանի հաւաքականի անդամները.

Ազատ ոճի ըմբշամարտ

57 քկ – Արման Յարութիւնեան
61 քմ – Լեւիկ Միքայէլեան (Եւրոպայի ախոյեան)
65 քկ – Արման Մուսիկեան
70 քկ – Դաւիթ Մարգարեան
74 քկ – Գրիգոր Չոլաքեան
79 քկ – Հայկ Պապիկեան
86 քկ – Ռազմիկ Եփրեմեան
92 քկ – Կնիազ Իբոյեան (Եւրոպայի փոխախոյեան)
97 քկ – Գուրգէն Սիմոնեան
125 քկ – Խաչատուր Խաչատրեան (պրոնզ մետալակիր)

Պիելոռուսիայէն Հերպերթ Յակոբեան (61 քկ) պիտի մասնակցի ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն:

Յունահռոմէական Ըմբշամարտ

55 քկ – Մանուէլ Խաչատրեան
60 քկ – Սուրէն Աղաճանեան
63 քկ – Արմէն Սուքիասեան
67 քկ – Եուրիկ Յովէեան
72 քկ – Աշոտ Խաչատրեան
77 քկ – Սամուէլ Տէրտէրեան
82 քկ – Մարտիկ Պետրոսեան
87 քկ – Վիգէն Նազարեան (պրոնզէ մետալակիր)
97 քկ – Ռուբէն Գէորգեան
130 քկ – Արամայիս Յարութիւնեան

Նշենք, որ Արթուր Սարգսեան կը ներկայացնէ Չեխիան 130 քկ կշիռի մրցումներուն:

 

Leave a Comment