Արեւմտահայերէն լուրեր 10 Մարտ. 2026 — Հայաստանի Հանրային Ռադիո

• Այսօր Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը Փարիզի մէջ կը մասնակցի Միջուկային ուժանիւթի գագաթնաժողովին։

• Իսկ վաղը՝ Մարտի 11-ին Վարչապետը Ստրազպուրկ պիտի մեկնի Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս պիտի գայ ելոյթով։

• Պատերազմը «շուտով» աւարտին կը հասնի. Թրամփի այս յայտարարութեան Իրանէն արձագանգած են` թէ իրենք են որոշելու պատերազմի աւարտը։

• Թրամփ հայտարարած է, որ Ամերիկան այս պահուն Իրանի մէջ զօրքեր տեղակայելու ծրագիրներ չունի։

• Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ իր գործողութիւնները Լիբանանի մէջ. Քայա Քալաս։

• Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններու նոր շրջանը յետաձգուած է՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով․ Զելենսքի։

Leave a Comment