Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը

Լիբանանի դէմ շղթայազերծուող իսրայէլեան յարձակումներուն լոյսին տակ Լիբանանի խորհրդարանը երէկ արտակարգ նիստ մը գումարելով երկու տարիով երկարաձգեց իր գործունէութեան աւարտի ժամկէտը 76 ձայներու մեծամասնութեամբ:  41 երեսփոխաններ  դէմ քուէարկեցին, իսկ 4 երեսփոխաններ սպիտակ քուէ նետեցին:

Խորհրդարանի այս քայլին դէմ կարգ մը երեսփոխաններ քննադատական կեցուածքով մերժեցին կատարուածը: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ մերժելով պատահածը յայտնեց, որ զայն չեղարկելու դիմում պիտի ներկայացնէ: «Ամէն քայլի պիտի դիմենք` կասեցնելու համար այս խեղկատակութիւնը», ընդգծեց երեսփոխան Պասիլ:

Նմանապէս եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը դէմ արտայայտուեցաւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկու տարիով երկարաձգումին:

 

 

Leave a Comment