Ֆորմիւլա 1. Ռասըլ Շահեցաւ Աւստրալիոյ Կրան-Փրին

Երէկ առաւօտ Աւստրալիոյ մէջ սկսաւ 2026-ի կրան-փրիի մրցաշարքը, որուն ընթացքին «Մերսետես» իր գերակայութիւնը փաստեց` գրաւելով առաջին երկու դիրքերը, շնորհիւ Ճորճ Ռասըլի եւ Քիմի Անթոնելլիի, որ գրաւեց երկրորդ դիրքը:

Մրցումին սկիզբը մղուած սուր պայքարէ ետք «Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լըքլերի հետ, Ռասըլ գրաւեց առաջին դիրքը եւ մնաց առաջին` յաղթելով թէ՛ մրցումը, թէ՛ ալ «Ֆեռարի»-ի 1 անիւ փոխելու ռազմավարութիւնը:

Անցեալ տարուան ախոյեան «Մաքլարեն» շատ «դժբախտ» ելոյթ ունեցաւ: Օսքար Փիասթրի, որ կ՛երազէր իր երկրին մէջ շահիլ, փորձի իր շրջանին արկած ունենալով դուրս մնաց, մինչ ախոյեան Լանտօ Նորիս մեծ դժուարութեամբ գրաւեց 5-րդ դիրքը: 4 անգամ աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն 22-րդ եւ վերջին դիրքէն սկսելով հասաւ 6-րդ դիրք, բայց չկրցաւ 5-րդ դիրք հասնիլ:

Ստորեւ` առաջին կրան-փրիի արդիւնքները.

1.- Ճորճ Ռասըլ («Մերսետես»)
2.- Քիմի Անթոնելլի («Մերսետես») 2″.974 ուշ
3.- Շարլ Լըքլեր («Ֆեռարի») 15″.519 ուշ
4.- Լուիս Համիլթըն («Ֆեռարի») 16″.143 ուշ
5.- Լանտօ Նորիս («Մաքլարեն») 51″.741 ուշ
6.- Մաքս Վերշթափըն («Ռետ Պուլ») 54″.617 ուշ
7.- Օլիվըր Պրեմըն («Հաաս») 1 շրջան ուշ
8.- Արվիտ Լինտպալտ («Ռէյսինկ Պուլզ») 1 շրջան ուշ
9.- Կապրիէլ Պարթոլեթօ («Աուտի») 1 շրջան ուշ
10.- Փիեռ Կասլի («Ալփին») 1 շրջան ուշ

 

Leave a Comment