Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիան Լիբանանի Հետ Իր Սահմաններուն Վրայ Ուժ Կուտակած Է. Գոյութիւն Ունին Լիբանանեան Ներթափանցման Վերաբերեալ Եւրոպական Ու Լիբանանեան Մտավախութիւններ

Սուրիական եւ լիբանանեան 8 աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, որ Սուրիա Լիբանանի հետ իր սահմանները ամրապնդած է հրթիռային միաւորներով եւ հազարաւոր զինուորներով, մինչ շրջանին մէջ հակամարտութեան, ներառեալ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ հակամարտութեան տարողութիւնը կ՛ընդլայնի:

Սուրիացի սպաներ, որոնց շարքին բարձրաստիճան սպաներ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ այս քայլին նպատակը զէնքերու եւ թմրեցուցիչներու մաքսանենգման արգիլումն է, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի կամ որեւէ զինեալ այլ խմբաւորման արգիլել Սուրիա ներթափանցել:

Պաշտօնատար մը նշած է, որ կուտակումները կը ներառեն հետեւակ ուժեր, զրահապատ մեքենաներ, «Կրատ» եւ «Քաթիուշա» տիպի կարճ հասողութեամբ հրթիռներու համակարգեր:

Սուրիական ապահովական պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, թէ Դամասկոս որեւէ մերձակայ պետութեան դէմ որեւէ զինուորական գործողութիւն չի ծրագրեր` աւելցնելով. «Սակայն Սուրիան պատրաստ է դէմ դնելու իրեն կամ իր դաշնակիցներուն դէմ որեւէ ապահովական սպառնալիքի»:

«Ռոյթըրզ» կը նշէ, որ այս քայլը եւրոպացի եւ լիբանանցի կարգ մը պաշտօնատարներու մօտ ներթափանցման կարելիութեան շուրջ մտավախութիւններ ստեղծած է, բան մը, որ Սուրիան կտրուկ կերպով կը հերքէ:

 

Leave a Comment