Համաշխարհային պատերազմի մահաբոյր մտավախութիւններ առթող Իրան-Իսրայէլ պատերազմի «խմորը շատ ջուր պիտի վերցնէ», ինչպէս կ՛ըսէ ժողովրդային ասացուածքը: Փաստօրէն այս մասին արդէն իսկ մեկնաբանութիւններն ու վերլուծումները թեր ու դէմ եզրայանգումներ կը կատարեն այս պատերազմի ճակատագիրին գծով: Այլ խօսքով` այն միջոցին, երբ պատերազմի շարունակման տարբեր «բեմագրութիւններ» կամ պատկերացումներ կը հրապարակուին, ամերիկեան ազդեցիկ թերթի մը (Նիւ Եորք Թայմզ ) համաձայն, իրանցի եւ ամերիկացի գաղտնի սպասարկութեանց պատասխանատուներ լուսարձակէ հեռու հանդիպումներ կ՛ունենան քննարկելով այս պատերազմի շուտափոյթ աւարտի անմիջական քայլերը:
Լիբանանի համար թէեւ խիստ փափաքելի այս տեղեկութիւնը սակայն անյոյս կը թուի` նկատի ունենալով Իսրայէլի «Նոր Միջին Արեւելք»-ի ծրագիրը, որ կը սկսի Լիբանանէն հասնելու համար մինչեւ Եփրատ…
Իսրայէլի աշխարհագրական նման յաւակնութիւններու շարունակութիւնը (ինչ-ինչ պատրուակներու տակ) դատապարտելի, բայց գործնական քայլերով կը յառաջանայ հետզհետէ լիբանանեան նոր տարածքներ թափանցելով, միջազգային արդարամիտ ու ժողովրդավար քայլերով գործելու կոչուած միջազգային պատկան կառոյցներու եւ հարթակներու քիթին տակ:
Թէեւ Հըզպալլա կը փորձէ իր ոճով հակադարձել եւ իր գոյատեւող ներկայութիւնը հաստատել յաչս Իսրայէլի ու համայն աշխարհի, այսուհանդերձ Լիբանան կը փորձէ նուազագոյն վնասներով «դուրս գալ» այս քաոսային վիճակէն ու կացութիւնը փրկել խաղաղ միջոցներով: Արդարեւ, արհեստագիտական նորագոյն տուեալներով օժտուած թշնամիի զինական սարքերը Իսրայէլի ու Լիբանանի միջեւ անհաւասար ուժերու պատկեր կը պարզեն: Փաստօրէն, Հըզպալլայի նորագոյն այն հաղորդագրութիւնը, թէ իր հրթիռները յաջողած են թիրախաւորել Լիբանանի հարաւային սահմանէն 120 քմ անդին, Թել Աւիւի հարաւ-արեւելքը գտնուող սպայակոյտի հրամանատարական մէկ կեդրոնը եւ աւելի ուշ Քըրիաթ Շմոնայի մէջ իսրայէլեան ուժերու թիրախաւորումն ու անոնց զինակիցներուն հարաւային Լիբանանի մէջ յառաջխաղացքի կանխարգիլումը տակաւին անդրդուելի կը պահեն թշնամին: Աւելի՛ն, նման քայլեր Իսրայէլ պատրուակ կը ծառայեցնէ շարունակելու իր «հիւսիսային սահմաններու պաշտպանութեան» միտող արշաւը Լիբանանի դէմ` կրկնելով Հըզպալլան ապազինելու եւ հարաւային Լիբանանի սահմանին «ապահովական գօտի» ստեղծելու իր մտադրութիւնը: Տակաւին, միջազգային մամուլի որոշ բանբերներ ու ազդեցիկ մտաւորականներ կ՛ողջունեն իսրայէլեան զինուորական «թաթերով կերտուելիք Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրը»: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ է օրինակ ամերիկացի լրագրող, մեկնաբան Թոմաս Ֆրիտմանի 2 մարտ 2026-ին լոյս տեսած «Ինչպէս մտածել Թրամփի` Իրանի հետ պատերազմին մասին» խորագրեալ յօդուածը, ուր Իսրայէլի ճիգերուն կը վերագրուին շրջանային փոփոխութիւնները:
Այս տրամաբանութեամբ գործող իսրայէլեան բանակը երէկ շարունակեց իր ազդարարութիւնները, եւ երեքշաբթիէն չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին իսրայէլեան օդուժի անօդաչու սարքերը շրջեցան հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վերեւ` այգաբացին գործադրելով սպառնալիքները, պատճառելով քսան զոհ, ինչպէս յայտարարեց ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտ: Նշենք, որ նախարար Սէյիտ իր երրորդ մամլոյ ասուլիսով երէկ յայտարարեց, թէ պիտի յատկացուի համացանցային կապ մը (լինք), որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ տեղահանուածներու առնչուող նորագոյն իրադարձութիւններուն:
Իր կարգին, Լիբանան ձեռնածալ չէ եւ երէկ նոյն թափով շարունակեց իր դիւանագիտական շփումները արտաքին շրջանային թէ միջազգային քաղաքական թէ հոգեւոր մարմիններու ղեկավարներուն հետ` խաղաղարար լուծման եզրայանգելու առաջադրանքով: Այս ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան, որուն հետ խորհրդակցեցաւ շրջանի ու յատկապէս` Լիբանանի ապահովական նորագոյն իրադարձութիւններուն շուրջ: Այս առիթով Լիբանանի նախագահը դեսպան Իսայէն պահանջեց Միացեալ Նահանգներու միջամտութիւնը` կասեցնելու համար իսրայէլեան յարձակումները: Նոյն ծիրին մէջ երէկ յետմիջօրէին նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ֆրանսայի իր պաշտօնակից, նախագահ Էմանուել Մաքրոնէն: Անոնք միասնաբար քննեցին երկրի ապահովական ու քաղաքական նորագոյն զարգացումները:
Նախքան այդ, նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց նաեւ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա Տը Վալը եւ նմանօրինակ պահանջ ներկայացուց անոր: Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը լսեց Լիբանանի պահանջները եւ ցաւ յայտնեց ինկած զոհերուն համար: Տը Վալ այս առիթով վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան` դրուատելով լիբանանեան կառավարութեան առած վերջին որոշումները Հըզպալլայի գծով: Միւս կողմէ, նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նաեւ Կիպրոսի իր պաշտօնակից նախագահէն: Անոնք միասնաբար քննեցին երկրի ու շրջանի ապահովական ու զինուորական նորագոյն իրադարձութիւնները:
Նոյն ծիրին մէջ նախագահ Աուն երէկ չորեքշաբթի յետմիջօրէին ընդունեց Թուրքիոյ դեսպան Մուրատ Լիւթեմը, որուն հետ քննեց շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի քաղաքական ու ապահովական իրավիճակը եւ այս գծով Լիբանանի կեցուածքը:
Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա Պըն Զայետ Ալ Նահիանէն ու դատապարտեց այդ երկրին դէմ կատարուած յարձակումը` վերահաստատելով Լիբանանի զօրակցութիւնը` Էմիրութիւններու իր եղբայրներուն:
Իր կարգին, շէյխ Զայետ Ալ Նահիան իր երկրին զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի գերիշխանութեան ամրագրման ճիգերուն` պատրաստակամութիւն յայտնելով կարելի բոլոր ճիգերն ու զօրակցութիւնը դնելու ի սպաս Լիբանանի անդորրութեան վերահաստատման:
Նոյն ծիրին մէջ, նախարար Ռաժժի նմանօրինակ զօրակցական հաղորդակցութիւն ստացաւ Եւրոպական Միութեան մէկ բարձրաստիճան պատասխանատուէն ու Սրիլանքայի արտաքին գործոց նախարար Վիճիթա Հերաթէն: