Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ՕԹԱՆ-ը վնասազերծած է Իրանէն արձակուած թեւաւոր հրթիռ մը, որ դէպի թրքական օդային տարածք կ՛ուղղուէր:
Նախարարութիւնը նշեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ՕԹԱՆ-ի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վնասազերծած են թեւաւոր հրթիռ մը, որ Իրանէն արձակուած եւ Իրաքէն ու Սուրիայէն անցած է ուղղուելով թրքական օդային տարածք:
Վնասազերծուելէ ետք, հրթիռին մէկ մասը ինկած է Ալեքսանտրեթի մէջ, առանց որ վիրաւորներ արձանագրուին:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց, թէ Թուրքիան ինքզինքին կը վերապահէ որեւէ սպառնալիքի հակադարձելու իրաւունքը:
Թուրքիոյ նախագահական պալատը, անդրադառնալով միջադէպին, յայտարարեց. «Մեր հողերն ու օդային տարածքը պաշտպանելու բոլոր քայլերը պիտի որդեգրենք»:
«Մեր երկրի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու մեր վճռակամութիւնն ու կարողութիւնը կը գտնուին իրենց բարձրագոյն մակարդակին վրայ», շեշտեց Թուրքիոյ նախագահական պալատը:
Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ նշեց. «Ոչինչ մտածել կու տայ, թէ Թուրքիոյ դէպքը ՕԹԱՆ-ի 5-րդ յօդուածի կիրարկման պիտի յանգեցնէ»:
Թուրք պաշտօնատար մը աւելի ուշ ԱՖՓ-ին յայտնեց. «Կը կարծենք, թէ Իրանէն արձակուած հրթիռին թիրախը Թուրքիան չէր, այլ յունական Կիպրոսը, սակայն իր ուղիէն շեղեցաւ»: