Պասքեթպոլ. Հայաստան – Պուլկարիա 80-100

Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը պարտութիւն կրեց Պուլկարիոյ հաւաքականէն, եւրոպասքեթի 2029-ի զտումի մրցումներուն:

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մրցումին Պուլկարիա 80-100 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:

Այս մրցումը եղաւ երկու ազգային խումբերու երկրորդ ճակատումը` նկատի ունենալով, որ Հայաստան Սոֆիայի մէջ ալ պարտութիւն կրած էր (98-88):

Ճիշդ է, որ մրցումը աւարտեցաւ 20 կէտերու տարբերութեամբ, բայց պէտք է ըսել, որ մրցումին պատկերը գրեթէ հաւասար կ՛ընթանար մինչեւ վերջին մասը:

Երկու սենթըրները` Եուրա Մելիքեան եւ Դաւիթ Խաչատրեան 5-ական ֆաուլերով դուրս մնացած էին, մինչ Դանիէլ Կիրակոսեան երրորդ մասի կէսերուն իր 4-րդ ֆաուլը կատարեց եւ շատ զգուշ շարունակեց մրցումը, որ շատ ազդեց պաշտպանողականին վրայ:

Անտրէ-Սփայթ-Մկրտիչեան վիրաւոր ըլլալով բացակայած է: Այլ պատճառով ալ բացակայած էր Կապրիէլ Աճէմեան, որ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի:

Տարիուս Մաքկի 35 կէտ ձեռք ձգեց, Եուրա Մելիքեան 22 կէտ աւելցուց, մինչ Դանիէլ Կիրակոսեան 15 կէտ նշանակեց:

2 յուլիսին Հայաստան իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Նորվեկիոյ դէմ:

Leave a Comment