Հերի Քէյն Կը Մօտենայ Լեվանտովսքիի Մրցանիշին

Պայերն Միւնիխի այժմու կոլ սքորըր Հերի Քէյն կը փորձէ իր փոխարինած լեհ աստղ Ռոպերթ Լեվանտովսքիի մրցանիշը բարելաւել:

Մարզիչ Վենսան Քոմփանիի հետ Պայերն Միւնիխ գրեթէ անզսպելի է: Յարձակողական գիծը այս պահուս շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի` 122 կոլեր նշանակելով այս տարեշրջանին, բոլոր մրցաշարքերուն: Յառաջապահ Հերի Քէյն լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ կը մօտենայ մրցանիշ մը հաստատելու «Պունտըսլիկա»-ի մէկ եղանակի առաւելագոյն կոլերով:

Մրցանիշը կը պատկանի Պայերն Միւնիխի նախկին յառաջապահ Լեվանտովսքիին, որ մօտ 40 տարի ետք բարելաւուած էր Միւնիխի այլ մարզիկներէն Կերտ Միւլըրի մրցանիշը (40 կոլ): «Լեվա» 2020-2026 եղանակին 41 կոլ նշանակած էր:

Քէյն այժմ 30 կոլ նշանակած է 24 մրցումներու ընթացքին: Տակաւին 10 մրցումներ կան, եւ ամէն բան կարելի է:

Իր վերջին մրցումին` Գերմանիոյ «Քլասիքեր»-ին, Քէյն 2 կոլ նշանակած էր Տորթմունտի դէմ: Մրցումէն ետք ան ըսաւ. «Միշտ այս հարցումը կը հարցնէք: Տակաւին շատ մրցումներ կան: Պէտք է կայունութիւնը պահել, ապա կը նայինք ապրիլի վերջերուն, եթէ այդ մէկը կարելի է»:

Բաղդատմամբ Պայերն Միւնիխի 2020-2021 տարեշրջանի եւ այժմու կազմին, Պայերն հաւանաբար աւելի տաղանդաւոր մարզիկներ ունի, բայց ինչ որ ալ ըլլայ, Լեվանտովսքիի մրցանիշը յատուկ պիտի մնայ: Նախ Կերտ Միւլըրի մրցանիշը 1971-1972 տարեշրջանին էր, եւ Լեվանտովսքի 40 տարի ետք բարելաւեց զայն, ապա, ինչպէս նշեցինք, Քէյնի համար յաւելեալ առիթներ կը ստեղծուին աւելի տաղանդաւոր մարզիկներէ ստեղծուած առիթներով: Երրորդ եւ կարեւորագոյն կէտը այդ է, որ «Լեվա» 5 մրցումներէ բացակայած էր այդ տարին, եւ 41 կոլերը… 29 մրցումներու ընթացքին էին:

Պայերնի համակիրները անշուշտ կ՛ուզեն, որ անգլիացի յառաջապահը բարելաւէ Լեվանտովսքիի մրցանիշը, որ արձանագրուած էր տարեշրջանի մը, երբ Պայերն 6 տիտղոսներ շահած էր:

 

 

 

Leave a Comment