Հայաստանցի «Եու. Էֆ. Սի.»-ի մարտիկ Արման Ծառուկեան «Հայփ Էֆ. Սի. Պրազիլ» մրցաշարքին պիտի մասնակցի: Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 11 մարտին, եւ Արման Ծառուկեանի ելոյթը պիտի ըլլայ երեկոյի գլխաւոր իրադարձութիւնը:
Ծառուկեան անգամ մը եւս պիտի մասնակցի կրեփլինկի մենամարտին` «սապմիշըն օնլի» կանոններով: Նոյն ձեւաչափով ան արդէն հանդէս եկած էր 30 դեկտեմբեր 2025-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Հայփ Էֆ. Սի.» մրցաշարքին` Շարա Պուլեթի դէմ: Այդ ճակատումը աւարտած էր հաւասարութեամբ:
Արման Ծառուկեանի նոր մրցակիցը տակաւին յայտարարուած չէ, սակայն նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն, ան կրնայ ըլլալ պրազիլցի մարտիկ մը:
Նշենք, որ 1 մարտին Արման Ծառուկեան ազատ ոճի ըմբշամարտի գօտեմարտ կատարած էր Արիզոնայի մէջ տեղի ունեցած «ՌԱՖ 06» մրցաշարքին:
Մրցաշարքը աւարտած էր զանգուածային ծեծկռտուքով, որ լայնօրէն կը քննարկուի ընկերական ցանցերու վրայ:
ՌԱՖ-ի լիկայի ղեկավար Չետ Պրոնշթայն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց, որ կազմակերպութիւնը չ՛աճապարեր եզրակացութիւններ կատարելու: «Հրաշալի մրցաշարք էր, ամէն ինչ հիանալի էր: Տեղի ունեցաւ տհաճ միջադէպ մը: Մենք այժմ չենք պատրաստուիր այդ միջադէպը մեկնաբանելու: Պէտք է դիտենք տեսագրութիւնը եւ գնահատենք կատարուածը: Մանրամասնութիւններուն մէջ չեմ մտներ: Ըմբշամարտի աշխարհը մեծ ընտանիք է, եւ մենք չենք ցանկար, որ նման բաներ տեղի ունենան այս մարզաձեւին մէջ:
Լիկայի բեմադրիչ եւ ծանուցումներու պատասխանատու Էրիք Պիշոֆ նոյնպէս հերքեց միջադէպին բեմադրուած ըլլալու հաւանականութեան վերաբերեալ ենթադրութիւնները: «Ինծի արդէն մեղադրեցին, թէ ես եմ այս ամէնը կազմակերպողը` լիկան աւելի տեսանելի դարձնելու համար, քանի որ ատիկա կը յիշեցնէ արհեստավարժ ըմբշամարտը («ռեսթլինկ»): Բայց ոչ, ես երբեք այդքան հեռու չէի երթար: Անկեղծ ըսած ես շատ հիասթափուած էի, որովհետեւ այս մրցաշարքին ընթացքին շատ լաւ պահեր կային: Տեղի ունեցածը աղմուկ եւ վէճեր կը ստեղծէ եւ մեծ գումարներ կրնայ բերել, բայց նաեւ մեծ բացասական արձագանգի պատճառ կը դառնայ: Մենք պիտի դիտարկենք ամէն ինչ եւ որոշում պիտի տանք»: