«Կառավարութեան վերջին որոշումները կը մեկնին Թաէֆի համաձայնագիրի հիմնական ուղղութիւններէն», յայտարարեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան` անդրադառնալով Լիբանանի ապահովական վիճակին եւ այս գծով Հըզպալլայի ներգրաւուածութեան իրողութեան: Ան «սքանչելի» որակեց կառավարութեան կողմէ Հըզպալլայի զինուորական քայլերու դադրեցման ու անոր կուսակցական քայլերը քաղաքական գործունէութեամբ սահմանափակելու պահանջը:
Միւս կողմէ Ժոմպլաթ «մեծ սխալ» որակեց լիբանանեան բանակի զօրակցութեան գծով մօտերս նախատեսուող խորհրդաժողովին ջնջումը: Նշենք, որ ըստ կարգ մը աղբիւրներու, նախ Եգիպտոսի եւ ապա Ֆրանսայի մէջ նախատեսուող նշեալ ժողովը յետաձգուած է յառաջիկայ ապրիլ ամսուան: «Բանակը հսկայական աշխատանք իրագործեց, սակայն անիկա կը կարօտի յաւելեալ զօրակցութեան», նշեց Ժոմպլաթ:
Լիբանանեան «Նահար» թերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Հըզպալլայի տարրերու հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայութիւնը կը հակասէ Թաէֆի համաձայնագիրին վերաբերող լիբանանեան կառավարութեան որոշումներուն: