Բռնցքամարտ. Անուշ Գրիգորեան Հասաւ Կիսաւարտական

Հայաստանի բռնցքամարտիկ Անուշ Գրիգորեան (51 քկ) հասաւ բռնցքամարտի հեղինակաւոր Սթրանճայի միջազգային մրցաշարքի կիսաւարտական: Քառորդ աւարտականին Գրիգորեան պարտութեան մատնեց սերպ Նինա Ռատոնովիչը իրաւարարներու միաձայն որոշումով, ան առնուազն պրոնզէ մետալ ապահովեց:

Կիսաւարտականին Գրիգորեան պիտի մրցի Զլաթիսլաւա Ձուկանովայի դէմ (Պուլկարիա), որ վստահաբար պիտի վայելէ համակիրներու քաջալերանքը:

Նշենք, որ Գրիգորեան նախապէս յաղթած էր իտալացի Միշել Վեսքովինիի: Ան դարձաւ Հայաստանի առաջին ներկայացուցիչը, որ կրցաւ Սոֆիայի (Պուլկարիա) մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանին հասնիլ:

Նշենք, որ տակաւին Ռուտոլֆ Գարբոյեան (50 քկ), Արթուր Սահակեան (65 քկ), Յարութիւն Յակոբկոխեան (70 քկ) եւ Մարատ Միքայէլեան (75 քկ) ելոյթներ ունին այս մրցաշարքի քառորդ աւարտականին գծով, որ պիտի երկարի մինչեւ վաղը գիշեր:

 

Leave a Comment